Հրայր Մկոյեան Վերադարձաւ Շիրակ

Հրայր Մկոյեան

Իր լուրերը քաղելով Շիրակի մամլոյ քարտուղարութենէն` armsport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի հաւաքականի յետսապահ Հրայր Մկոյեան երէկ վերադարձաւ Շիրակ Գիւմրի` վեց ամսուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով բարձրագոյն դասակարգին մաս կազմող խումբին հետ:

25 տարեկան Մկոյեան ֆութպոլի իր ասպարէզը սկսաւ Շիրակի հետ, երբ 2005-2007 տարեշրջանին մաս կազմեց անոր, ապա միացաւ Արարատ Երեւանի, որմէ ետք` Ուլիսի, Միքայի, ապա Նալչիք Սպարտակի:

Նշենք, որ ան 17 անգամ կրած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը:

Share this Article
CATEGORIES