Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը Վերադարձաւ Յորդանանէն
Նախորդ շաբաթավերջին, Ամմանէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերելով Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի 12-րդ ախոյեանութեան, հանդիսացած էր ախոյեան եւ բնականաբար ապահոված էր Ասիոյ պասքեթպոլի Սթանքովիչի բաժակի մրցաշարքին իր տոմսը: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբերին` Ճափոնի մէջ:
Լիբանանեան պասքեթպոլի պատուիրակութիւնը դիմաւորելու համար օդակայան մեկնած էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու տնօրէն Ֆատի Թապեթ:
Պարաքեթ շնորհաւորեց Լիբանան ազգային խումբին արձանագրած յաղթանակը, որ կու գայ աւելնալու նախապէս անոր արձանագրած յաղթանակներուն եւ իրագործումներուն:
Նշենք, որ տիտղոսը ապահոված Լիբանան իր կատարած վերջին մրցումին 82-75 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պաղեստինէն: Լիբանանի մարզիչ Ղասսան Սարգիս այս մրցումին դաշտ ներկայացուց իր պահեստի մարզիկները:

