Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան (A.B.B.A.) Մարզիկները Հայաստանն Ու Արցախը Ներկայացուցին Սանտայի Միջազգային Ախոյեանութեան

Հայաստանի եւ Արցախի Հայ սեւ գօտիներու միութեան (A.B.B.A.) մարզիկները 9 -10 յունիս 2012-ին, Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) Հայաստանն ու Արցախը ներկայացուցին Սանտայի պատանեկան միջազգային ախոյեանութեան մրցումներուն: Մրցումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր մասթըր Կարօ Քեպապճեան:

Առաջին անգամ ըլլալով Արցախի մարզիկները թոյլտուութիւն ստացած էին անկախաբար` Արցախի անունով մասնակցելու սոյն ախոյեանութեան:

Մրցումներուն ընթացքին, Հայաստանի եւ Արցախի պատուիրակութեան մարզիկները ցուցաբերեցին բարձր եւ որակաւոր խաղարկութիւն: Անոնք կրցան տիրանալ մետալներու ջախջախիչ մեծամասնութեան` «հնձելով» 10 ոսկի, 3 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներ: Մրցումներու աւարտին անոնք միասնաբար տիրացան առաջին դիրքին` բարձր պահելով Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները:

Share this Article
CATEGORIES