ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ-ԳՐԱՏԱՐԱԾԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
Ուրբաթ, 8 ապրիլին սկսած եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի կողմէ կազմակերպուած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս վաճառքը, անցնող երեք օրերուն, ծնողներուն եւ աշակերտութեան մօտ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:
Յայտնենք, որ բացման հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը եւ «Արեգ» թատերական դպրոցի աշակերտները` գեղարուեստական ղեկավարներ Զաքար Քէշիշեանի խմբավարութեամբ եւ Ռոպերթ Առաքելեանի բեմադրութեամբ: «Կարկաչ» երգչախումբը մեկնաբանեց գիրքի նուիրուած, ինչպէս նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի յօրինումներէն երգերու փունջ մը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի, իսկ «Արեգ» թատերական դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Լուսաբացին» փոքրիկ բանաստեղծութիւնը եւ «Կիկոսի մահը» հեքիաթը` մնջախաղերով:
Երէկ առաւօտէն մինչեւ կէսօր ցուցահանդէս այցելեցին Լեւոն Կ. Նազարեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան , Վահան Թէքէեան եւ Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարաններէն աշակերտական խումբեր: Այցելութիւնները պիտի շարունակուին յառաջիկայ օրերուն ընթացքին:
Երեկոյեան ժամը 5:00ին տեղի ունեցաւ տարրական բաժինի դասարաններու գեղարուեստական ներկայացումներու առաջին բաժինը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Պօղոս Գէորգ Կարմիրեան եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարաններէն աշակերտներ` ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն: Ներկայ էին մեծ թիւով ծնողներ: Յայտնենք, որ գեղարուեստական ներկայացումները պիտի շարունակուին չորեքշաբթի օր. այն ներկայացումներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այլ վարժարաններ:
Վաղը, երեքշաբթի երեկոյեան տեղի կ՛ունենան նախակրթարանի դասարաններու հայերէն եւ արաբերէն ընթերցանութեան մրցանքները:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 17 ապրիլ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: