ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտները Հայ սկաուտի օրուան առիթով կատարեցին իրենց խոստումը եւ «Գործել բարիք մը ամէն օր» նշանաբանէն առաջնորդուելով` օժանդակեցին հայ կարիքաւոր ընտանիքի մը` անոր տունի դասաւորումը եւ կահաւորումը կատարելով ու անոր անդամերուն դէմքերուն վերադարձնելով ժպիտը: Այս աշխատանքը տեւեց շուրջ մէկ ամիս. ընտանիքը փոխադրուեցաւ իր ծանօթներուն մօտ եւ վերակառուցման աշխատանքը սկիզբ առաւ: Ծրագիրը մեծ էր, բայց զայն յաջողցնելը անկարելի չեղաւ, երբ լիբանանահայ գաղութին մէջ եղան ձեռք երկարող անձեր, որոնց դիմեցին սկաուտները` իրենց այս աշխատանքը յաջողցնելու համար: Հետեւեալ անձերը օգտակար դարձան այս աշխատանքին յաջողութեան. Հրայր Ֆերմանեան, Լոլա Պէօյուքեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն:

Յատուկ շնորհակալութիւն Լուսարարեան եղբայրներուն (ՍԱՀԱԼՔՕ), ԼՕԽ-ին, ԱՖՀԻԼ-ին, Կարապետ Այանեանին, երեսփոխան Արթիւր Նազարեանին, Մարաշի հայրենակցական միութեան, «Թոշիպա» հաստատութեան, «Պետ Էնտ պետ»ին, Ճորճ Շէօհմելեանին, Յակոբ Այրանեանին, Վահէ Չամիչեանին, «Տէտէեան» հաստատութեան, «Աղասարգիսեան» հաստատութեան, չորս հայ երիտասարդներու, Աւօ Ճենանեանին, Տաւիտ Սարգիսեանին, «Նարսիս եղբարք» հաստատութեան, «Արեւ»ին, «Մոտալիթէ» հաստատութեան, «Աճեմեան» հաստատութեան, «Մոմճեան» հաստատութեան, «Սուլահեան» հաստատութեան եւ Ճորճ Տեմիրճեանին:

Շնորհակալութիւն բոլորին եւ բոլորին վարձքը կատար:

 

ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ

ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES