Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՂՈՎՄԻ կուսակցութիւնը Քուրայի մասնակի ընտրութիւններու իր թեկնածուն պիտի յայտարարէ 48 ժամէն: Ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Քուրայի մասնակի ընտրութիւններուն առաջադրուած են երկու այլ թեկնածուներ, որոնք Ճոն Ժապըր Մֆարրեժն ու Նայիմ Մուսա Աժայմին են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութեան խախտումը շատ հաւանական է:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ առնուած է` աւելցնելով, որ մերթ ընդ մերթ ապահովական միջադէպերու հաւանականութիւնը առկայ է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանցի պատասխանատու մը արաբական երկրի մը նախագահէն ստացած է զգուշացում մը` Լիբանանի մէջ պաղեստինեան-լիբանանեան հաւանական սադրանքի մը մասին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին հարցերը դիտմամբ կը հրահրէ` տեղական նպատակներով:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն զգուշացուց լիբանանեան բանակը գաղթակայաններուն մէջ սպառելու վտանգէն: Ան կոչ ուղղեց կազմելու շտապ օգնութեան խորհուրդ մը, որպէսզի միջամտէ եւ կասեցնէ գաղթակայաններուն մէջ բռնկած միջադէպերը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ զէնքի եւ զինամթերքի սակերը հետզհետէ յաւելում կ՛արձանագրեն: Այս ծիրին մէջ «Պի. 10» տիպի հրթիռները տասը հազար տոլար կ՛արժեն, իսկ «Պի. 7» տիպի հրթիռներուն արժէքը երեւակայական գիներու հասած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իսլամական ժիհատ շարժումի ներկայացուցիչ Ապու Իմատ Ռիֆայի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու է պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ թափած արեան:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը յանձնառու է պաղեստինցիներուն հետ իր յարաբերութիւնները լաւապէս պահպանելու, ինչպէս նաեւ հսկելու անոնց ապահովութեան: Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ արձանագրուած վտանգաւոր իրադարձութիւնները առաջնահերթութիւն կը դարձնեն երկրին ազգային միասնականութեան պահպանումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ երէկ նշուեցաւ, որ Ժապալ Մըհսենը ենթարկուած է արձակազինութեան, որուն պատասխանած է լիբանանեան բանակը: Կուսակցութիւնը ընդգծեց լիբանանեան բանակին դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ գործուող յարձակումները նորութիւններ չեն` աւելցնելով, որ անոնք կազմակերպուած եւ կազմաւորուած աշխատանքներ են, որոնք կը կատարուին հետեւողականութեամբ եւ հանգրուանային կերպով:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին համար «սրբութիւն» մըն է եւ պէտք չէ անոր դէմ ամբաստանութիւններ կատարել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը իրենց եւ Եւրոպայի համար առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն սուրիական տագնապը ներածել Լիբանան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ կարեւորագոյն հարցը երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը ապահովելն է` աւելցնելով, որ միակ լուծումը կարելի է գտնել Լիբանանի կառավարութեան մեկնումով:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամը եւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտը Քեսրուանի ընտրաշրջանին մէջ կրնան իրենց թեկնածութիւնը
առաջադրել, 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ապատի ընդգծեց Լիբանանի միասնականութեան, ապահովական կայունութեան եւ երկխօսութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը անկարող է դէմ դնելու Լիբանանի դիմագրաւած ապահովական միջադէպերուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ առաջին պատասխանատուն է երկրին մէջ տիրող մթութեան: Հաժժար յայտնեց, որ եթէ նախարարները խիղճ ունենան, ապա անոնք կը հրաժարին:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածու չէ:

