Նեսիպ Լահուտի Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Երէկ «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ նախկին նախարար եւ երեսփոխան Նեսիպ Լահուտի նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ` փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ` տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Ամմար Հուրի, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, դիւանագէտներ, լրագրողներ եւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:

Յիշատակի ձեռնարկին ընթացքին Նեսիպ Լահուտը ներկայացուեցաւ երկու բառով` «Տեսլականը եւ օրինակելին»:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` Ն. Լահուտի կեանքի կարեւորագոյն հանգրուաններուն մասին, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ, որ ան եղած է իսկական պետական գործիչ մը, որ հաւատացած է համախոհութեամբ ժողովրդավարութիւն կերտելու գաղափարին, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պետութեան կառուցումին եւ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան` մէկ պետութեան, մէկ բանակի եւ մէկ զէնքի յարկին տակ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES