Պըրրի Կը Շնորհաւորէ Սէուտական Արաբիոյ Նոր Գահաժառանգը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Սալման պըն Ապտել Ազիզի` անոր նշանակումին առիթով:

Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 21 յունիսին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, խորհրդարանին մէջ:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր:

 

Share this Article
CATEGORIES