«Լիբանանի Մէջ Ապահովական Խախտումները Խիստ Մերժելի Են» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Համախմբումին նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական խախտումները պատահական միջադէպեր եւ զուգադիպութիւններ չեն, այլ` կանխամտածուած դէպքեր, որոնք Լիբանանի մէջ ապօրինութիւն կը սերմանեն:
Զօր. Աուն նշեց նաեւ, որ լիբանանեան քաղաքական ուժեր եւ անձնաւորութիւններ համախմբումին նախարարները թիրախ կը դարձնեն Ժաննէի ամբարտակին կառուցման յանցանքով, «սակայն մենք կու գանք հաստատելու, որ նման տագնապներ գոյութիւն իսկ չունին», ըսաւ ան:
Ելեկտրական հոսանքի տագնապին անդրադառնալով` զօր. Աուն յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան պատասխանատուութիւնը վերջ գտած է 2010-ին, իսկ այժմ կառավարութիւնն է, որ կը ստանձնէ երկրին ելեկտրականութեան տագնապին պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ կառավարութիւնն է, որ ծրագրած է այդ տագնապին հաւանական լուծումը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը նշեց, որ իրենց համար արդէն իսկ յստակ դարձած են Պետական հաշուեքննիչ խորհուրդի գործած սխալներն ու ապօրինութիւնները: «Հետեւաբար ինչ յանցանքով ալ որ մեզի ամբաստանեն, մենք մեր աշխատանքի թափը պիտի չխզենք, որովհետեւ որոշած ենք դատել ոճրագործները եւ յանցագործները», ըսաւ ան:



