Նախագահ Սլէյման Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Էլիաս Աունի Հետ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի հետ եւ շնորհաւորեց զայն անոր ընտրութեան առիթով:
Նախագահ Սլէյման Էլիաս Աունէն իմացաւ նաեւ Բժիշկներու տան մէջ նախանցեալ օր արձանագրուած իրադարձութեան մասին, որուն ընթացքին Աունի դէմ նախատական կեցուածք յայտարարուած էր:
Նախագահ Սլէյման յարգանք յայտնեց լրագրողներուն առաքելութեան նկատմամբ, որովհետեւ անոնք կը փորձեն ճշմարտութիւնը ներկայացնել եւ քաղաքացիին դիմագրաւած հարցերը լուսարձակի տակ առնել` բացայայտելով տարբեր մարզերուն մէջ բոյն դրած փտածութիւնն ու օրինազանցութիւնները:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն յայտնեց իր հանգստութիւնը` արգելափակեալներուն դէմ վճիռներուն արձակումը արագացնելու թափին համար, նշելով միաժամանակ, որ անիկա կ՛օժանդակէ թեթեւցնելու բանտերուն մէջ տիրող գերխճողուածութեան հարցը:
Նախագահ Սլէյման Քըրթպաուիի հետ քննարկեց նաեւ արդարութեան նախարարութեան աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ, Մեքսիքայի, Արժանթինի եւ Պրազիլի մէջ մարոնի համայնքի առաջնորդ եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւն մը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխաններ Թալալ Մերեհպի եւ Ժորժ Քասսապ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու յառաջիկայ 25 յունիսին տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին վերաբերող հարցեր:


