Եօթը Իսլամական Արգելափակեալներ Ազատ Արձակուեցան

Լիբանանցի պատասխանատուներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեամբ կարելի եղաւ իսլամական բանտարկեալներուն հարցը լուծել եւ անոնց ազատ արձակման վճիռները ապահովել:

Պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած դէպքերուն վերաբերող յանցանքներով արգելափակուած 14 իսլամական բանտարկեալներէն միայն 10 հոգիին ազատ արձակման որոշումը փոխանցուեցաւ, սակայն նկատի ունենալով, որ անոնց ազատ արձակումը ուշացում արձանագրեց, բացայայտուեցաւ մէկ այլ իրականութիւն, որուն համաձայն նշուեցաւ, որ այդ 10 արգելափակեալներէն ոմանց թղթածրարին վրայ զինուորական ատեանին կողմէ դատական արձանագրութիւն ձգուած է:

Հետեւաբար երէկ ազատ արձակուեցան 7 յանցագործներ, իսկ մնացեալ 7-էն 4-ը, որոնք օտարահպատակներ են, փոխանցուեցան Ընդհանուր ապահովութեան, իսկ մնացեալ 3-ը ամբաստանուած են այլ յանցանքներով եւ աւելի ուշ ազատ պիտի արձակուին:

Ազատ արձակուած իսլամականները դիմաւորուեցան իրենց հարազատներուն եւ շէյխ Նեպիլ Ռհիմի կողմէ:

Շէյխ Ռհիմ յայտնեց, որ իրենք երէկուան ազատ արձակումով պիտի չբաւարարուին եւ պիտի ջանան ազատ արձակել նաեւ բոլոր իսլամական արգելափակեալները:

Շէյխ Ռհիմ նշեց նաեւ, որ իսլամական արգելափակեալներուն փրկագիները վճարուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ:

Քալամունի մէջ ազատ արձակուած իսլամականները ժողովրդային դիմաւորումի արժանացան:

Ապահովական առումով, պէտք է նշել, որ Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ կացութիւնը մնաց բանակին հակակշիռին տակ եւ ապահովական ոչ մէկ միջադէպ արձանագրուեցաւ:

Իսկ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուեցան որոշ միջադէպեր, որոնց շրջագիծին մէջ գաղթականները քարկոծեցին բանակին անցարգելը, ինչպէս նաեւ գաղթակայանին մուտքին անիւներ հրկիզեցին, սակայն որոշ ժամանակ ետք բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ կացութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES