Ստեփանակերտի Օդակայանի Վերագործարկման Խնդիրներու Քննարկում

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 18 յունիսին ընդունեց Հայաստանի կառավարութեան զուգահեռ քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Արտեոմ Մովսէսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ստեփանակերտի օդակայանի վերագործարկման, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ քաղաքացիական օդանաւորդութեան զարգացման վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ այս մարզին մէջ երկու հայկական պետութիւններու համապատասխան նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան հեռանկարներուն:

Հանդիպման կը մասնակցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

 

Share this Article
CATEGORIES