Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատասխանած Է Ազրպէյճանական Յարձակումը Սանձելու Մասին Հայ Դատի Գրասենեակի Նամակին
Ամերիկայի Հայ դատին յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ խուսափած է պատշաճ կերպով դատապարտել Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ կիրարկուող բռնութիւնները:
Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Քեն Խաչիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան նամակ գրած էր 4-6 յունիսին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած բռնութիւնները դատապարտելու մասին: Քլինթընին ուղղուած նամակին գրաւոր պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն` նշելով, որ իրենք խորապէս կը ցաւին այդ մահերուն համար: Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները կողմերուն կոչ ուղղած են` խուսափելու ուժի կիրարկումէն եւ ատոր սպառնալիքէն:
«Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը շրջան իր այցելութեան ընթացքին ըսած էր, ուժի կիրարկումը չի կրնար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծել: Միացեալ Նահանգները կոչ կ՛ուղղեն խուսափելու ուժի կիրարկումէն եւ ատոր սպառնալիքէն, եւ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ կողմերուն հետ` խաղաղութեան հաստատման հասնելու համար», կը գրէ Կորտըն:
Քեն Խաչիկեան յիշեցուցած էր, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ անտեսել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած միջազգային հանրութեան կոչերը եւ կը շարունակէ ռազմական հռետորաբանութիւնը` ուժի սպառնալիքն ու բռնութիւններու կիրարկումը:
«Քանի՞ մարդ պէտք է զոհուի, որպէսզի Միացեալ Նահանգներն ու միջազգային ընտանիքը յանդիմանեն Ազրպէյճանի կողմէ բռնութեան կիրարկումն ու հնչեցուող ռազմական սպառնալիքները», ըսած էր ան:


