ԵԱՀԿ-ն Դիտարկում Պիտի Կատարէ

Այսօր ԵԱՀԿ-ն դիտարկում պիտի կատարէ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին երկայնքին:

Հայկական կողմէն դիտարկման պիտի մասնակցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Խրիսթօ Խրիսթով եւ Անթալ Հերտիչ:

Ազրպէյճանական կողմէն դիտարկումը պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին դաշտային օգնական Իրժի Ապերլէ եւ անձնական օգնական Ուիլիըմ Փրայորը:

Share this Article
CATEGORIES