Եուրօ-2012. «Իտալիա Կրնայ Տիրանալ Տիտղոսին» Կ՛ըսէ Թրափաթոնի
Իրլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ճիովանի Թրափաթոնի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ իր երկրին` Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը կրնայ տիրանալ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին:
«Ինչպէս բոլորն ալ ականատես կ՛ըլլան, զօրաւոր նկատուող խումբերը ուղղակիօրէն կ՛առնեն դէպի տունդարձի իրենց ճամբան: Ասկէ մեկնելով կրնանք ըսել ուրեմն, որ Իտալիա բոլոր առաւելութիւնները ունի հասնելու մինչեւ մրցաշարքին աւարտական հանգրուանը եւ տիրանալու տիտղոսին», ըսաւ 73 տարեկան մարզիչը:
Նշենք, որ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքին անոր կազմը` Իրլանտա, դուրս մնաց կրելով յաջորդական երեք պարտութիւն, այնպէս ինչպէս եղած էր Հոլանտայի պարագան, որ առանց կէտի վերադարձաւ հայրենիք:
Թրափաթոնի Եուրօ-2004-ին եւս բաւական ձախող արդիւնք արձանագրած էր, երբ այդ ժամանակ Իտալիոյ մարզիչն էր:


