Եուրօ-2012. Անգլիա Եւ Ֆրանսա Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը. Այսօր` Հանգիստի Օր. Վաղը Քառորդ Աւարտականի Առաջին Մրցումը
Երէկ` Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ օրը, աւարտեցան Ա. հանգրուանի մրցումները, երբ տեղի ունեցան վերջին երկու ճակատումները` Դ. խմբակին մէջ:
Անգլիա, որ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուքրանիան, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` եօթը կէտով գրաւելով խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Մրցումին միակ կոլը գլուխով նշանակեց Ուէյն Ռունի, երբ ան 48-րդ վայրկեանին կողմնակի փոխանցում մը ստացաւ Սթիւըն Ժերարէն: Գնդակը անցնելով բերդապահ Անտրիյ Փիաթովի եւ երկու յետսապահներու մօտէն, հասաւ առանձին մնացած Ռունիի, որ դիւրութեամբ նշանակեց իր կոլը:
Նշենք, որ Ռունի առաջին երկու մրցումին կախակայուած էր:
62-րդ վայրկեանին Մարքօ Տեւիչի հարուածը թէեւ զսպուեցաւ բերդապահ Ճօ Հարթի կողմէ, սակայն անիկա մինչ կ՛ուղղուէր դէպի բերդ, հեռացուեցաւ Ճոն Թերիի կողմէ, սակայն անցելով գիծը:
Կոլին ետին գտնուող իրաւարարը սակայն այդ մէկը չտեսաւ, մինչ Ուքրանիոյ մարզիկներն ու համակիրները բողոքեցին նկատի չառնուած այդ կոլին համար:
Այսպիսով, Լեհաստանի հետ հիւրընկալ երկրորդ խումբը եւս` Ուքրանիա, դուրս մնաց մրցաշարքէն` առանց քառորդ աւարտական հասնիլ կարենալու:
Գրաւելով խմբակին պարագլուխի դիրքը, այժմ Անգլիա քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Գ. խմբակին երկրորդ դիրքը գրաւող Իտալիոյ դէմ:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Ֆրանսա թէեւ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շուէտէն, սակայն Անգլիոյ հետ անցաւ յաջորդ հանգրուան: Անիկա իր դէմ պիտի ունենայ Սպանիան:
Սքանչելի կոլով մը, Զլաթան Իպրահիմովիչ նշանակեց Շուէտի առաջին կոլը (54-րդ), մինչ 91-րդ վայրկեանին Սեպասթիան Լարսըն նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
Այսօր` չորեքշաբթի, հանգիստի օր է:
Վաղը` հինգշաբթի, կը սկսին քառորդ աւարտականի մրցումները, երբ իւրաքանչիւր օր տեղի կ՛ունենայ մրցում մը:
25-26-ին հանգիստի օր պիտի ըլլայ 27-28 յունիսին տեղի պիտի ունենան կիսաւարտականի մրցումները, իսկ կիրակի, 1 յուլիսին` աւարտական մրցումը:
Ստորեւ` Դ. խմբակին վերջնական դասաւորումը.
Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- Անգլիա 2 1 0 5 3 7
2.- Ֆրանսա 1 1 1 3 3 4
3.- Ուքրանիա 1 0 2 2 4 3
4.- Շուէտ 1 0 2 5 5 3



