Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Ամալ Շարժումին Մարզական Մամլոյ Ասուլիսը

Այսօր` չորեքշաբթի, 20 յունիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ամալ շարժումին մարզական մամլոյ ասուլիսը` «Հապթուր» պանդոկին մէջ (Սին էլ Ֆիլ):

Այս մամլոյ ասուլիսին կազմակերպիչները որոշ լուսաբանութիւններ եւ մանրամասնութիւններ պիտի տան, թէ ի՛նչ ձեւով տեղի պիտի ունենայ Լեռնալիբանանի նահանգի քաղաքապետութիւններուն միջեւ տեղի ունենալիք մարզական առաջին մրցաշարքը:

Նշենք, որ այս մարզական մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES