Ըմբշամարտ. Վոլոտիա Ֆրանկուլեան Առաջին Մետալը Ապահովեց Հայաստանի
Երէկ` Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան առաջին օրը, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ իր առաջին մետալին, կը յայտնէ Armsport.am:
60 քկ դասակարգի մրցումներուն, պրոնզէ մետալին տիրացաւ Վոլոտիա Ֆրանկուլեան: Աւարտականին ան յաղթեց ռումանացի իր մրցակիցին` Ժոզեֆ Մոլնարին:
Երէկ մրցասպարէզ դուրս եկած Հայաստանի մնացեալ երեք ներկայացուցիչները որեւէ մետալի չյաջողեցան տիրանալ:
Այսօր` չորեքշաբթի, մրցասպարէզ դուրս պիտի գան Հայաստանի մնացեալ չորս ներկայացուցիչները:
CATEGORIES Մարզական

