ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ՆՈՐ ՑՈՅՑ

«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Կիպրոսի «մայրաքաղաք» Լեֆքոշէի մէջ Թուրքիոյ դէմ աննախադէպ ծանր ցոյցին նկատմամբ թրքական մամուլին տպաւորութիւնը այն է, թէ այս անգամ թուրք կիպրացիք շատ հեռու գացած են: Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին այս անգամ շատ աւելի ծանր վերտառութիւններ գործածուած են Թուրքիոյ դէմ: Թուրքիա անգամ մը եւս բռնագրաւիչ ֆաշական երկիր որակուած է կիպրացի թուրք ցուցարարներուն կողմէ: Թուրքիոյ դեսպանատան եւ Կիպրոսի բռնագրաւուած հիւսիսային բաժինի խորհրդարանին առջեւ Թուրքիոյ հասցէին նախատական կարգախօսներ արձակուած են, մինչեւ իսկ ոմանք փորձած են Կիպրոսի դրօշակ կախել խորհրդարանի շէնքին վրայ: Ոստիկանները կարելի եղածին չափ արգելք հանդիսացած են Թուրքիոյ դէմ նմանօրինակ ցուցատախտակներու օգտագործման, սակայն պատահածը ծանր էր եւ առաջին անգամն է, որ Թուրքիոյ դէմ այսքան ծանր ցոյց մը կատարուած է Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ:

Կիպրացի թուրքերը Թուրքիայէն դժգոհ են, որովհետեւ Թուրքիա վերջերս ուզած է Հիւսիսային Կիպրոսին պարտադրել խնայողութեան եւ գօտիի սեղմումի ծրար մը, որմէ գոհ չէ տեղւոյն ժողովուրդը, գոհ չեն նաեւ քանի համադաշնակցութիւններ:

«Մարմարա» կը նշէ, որ 25 հազար ցուցարարներու մասնակցութեամբ բողոքի առաջին ցոյց մը կատարուած էր 28 յունուար 2011-ին: Ցոյցին ընթացքին պարզուած էին յունական դրօշակներ: Թուրքիոյ հասցէին հայհոյալից վերտառութիւն մը շատ ջղայնացուցած էր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որ խիստ կերպով պատասխանած էր: Հետագային Թուրքիա փոխած էր իր դեսպանը եւ դեսպան նշանակած էր անձ մը, որ տեղւոյն թուրքերուն համակրանքը չի վայելեր: Այնուհետեւ 2 մարտին կայացած է երկրորդ ցոյց մը, որ այս անգամ աւելի չափաւոր եղած է, եւ որուն մասնակցած է 10 հազար ցուցարար: Իսկ այս վերջին ցոյցին համար կ՛ըսուի, թէ մասնակիցներուն թիւը 2500 էր, սակայն աւելի խիստ ցոյց դարձած է, ցուցարարները քալած են դէպի խորհրդարան եւ Թուրքիոյ դեսպանատուն, պարզած են վերտառութիւններ ուր կը կարդացուէին. «Ֆաշականութեան դէմ ուս ուսի», «Անգարա՛, մեր օձիքէն քաշէ քու ձեռքդ», «Մենք ոստիկանական պետութիւն պիտի չըլլանք», «Մենք մեզի ծրար բերողը ծրարի մէջ կը դնենք»: Կարգ մը խմբակներ ալ բողոքած են ցուցարարներուն դէմ եւ զանոնք որակած իբրեւ յոյներու հետ գործակցող դաւաճաններ:

 

Share this Article
CATEGORIES