ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑԱԾ Է ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՄԱՆ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Պաքուի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակը կը յայտնէ, որ Եւրոպական Միութիւնը հրապարակած է Ազրպէյճանի մէջ մարդկային հիմնարար ազատութիւններու իրավիճակին վերաբերող յայտարարութիւն մը: Անդրադառնալով երկրին մէջ երիտասարդ գործիչներու ձերբակալման վերաբերեալ 17 մարտի զեկուցումին` Եւրոպական Միութիւնը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ մարդու հիմնարար ազատութիւններուն նկատմամբ Ազրպէյճանի մէջ տիրող անյարգալից վերաբերմունքին գծով: Մասնաւորաբար կը նշուի, որ 2 ապրիլին ցրուուած է խաղաղ հանրահաւաքը եւ մեծ թիւով ցուցարարներ ձերբակալուած:

«Մենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ ազատ արձակելու վերոնշեալ անձերը: Բացի ատկէ, Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ երաշխաւորելու լրագրողներու` մասնագիտական գործունէութեամբ զբաղելու ազատութիւնը եւ անոնց համար ապահովելու անվտանգ աշխատանքային պայմաններ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ, ինչպէս նաեւ. «Եւրոպական Միութիւնը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ աջակցելու Ազրպէյճանի մէջ ընթացող հետագայ բարեփոխումներուն` հիմք ընդունելով ԵԱՀԿ-ի, Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ սահմանուած արժէքները: Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ նաեւ, որ մեծ նշանակութիւն կու տայ Ազրպէյճանի հետ ներկայիս սրած իր յարաբերութիւններուն եւ ազրպէյճանական կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` օգտուելու Արեւելեան գործընկերութեան եւ Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ իրեն ընձեռուած կարելիութիւններէն»:

Share this Article
CATEGORIES