Գաղութէ – Գաղութ
Հայաստանի Հանրապետութեան
Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկներ
Ատրպատական
3 յունիսին Թաւրիզի Լիլաւա թաղամասի «Ս. Սարգիս» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ գոհաբանական մաղթանք` Հայաստանի անկախութեան 94-րդ տարեդարձին առիթով:
Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան իր պատգամին մէջ վեր առաւ մայիս 28-ով կերտուած առաջին հանրապետութեան կարեւորութիւնը` մեր ազգի ժամանակակից պատմութեան ընթացքին: Ան նկատել տուաւ, թէ միասնական ոգիի իբրեւ արդիւնք` մեր ժողովուրդը կրցաւ դէմ դնել թշնամիին եւ ետ մղել անոր կանոնաւոր բանակը:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` սարդարապատեան մարտերու ընթացքին զոհուած բոլոր մարտիկներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Պաղտատ
Վերջերս Պաղտատի Հայ երիտասարդաց երկսեռ միութեան ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Բոլոր ելոյթ ունեցողները կարեւոր նկատեցին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար` շեշտելով անոնց ունեցած դերակատարութիւնը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման եւ հայոց պետականութեան վերածնունդի գործին մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէն մը` 1905-1915 թուականներուն տեղի ունեցած պատմական դէպքերուն եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանին մասին:
Յունաստան
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան, 2 յունիսին Ֆիքսի «Առաքելեան-Կիւտենեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Օրուան նախագահ Քարլօ Ճենապեան կատարելով բացման խօսքը` անդրադարձաւ մայիսեան յաղթանակը ապահովող հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդ տուած պայմաններուն: Օրուան պատգամը փոխանցեց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան: Ան անդրադարձաւ հայրենիք եւ պետականութիւն կերտելու սարդարապատեան գոյամարտերու հանգրուանին, որ երաշխաւորը դարձաւ ներկայի հանրապետութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան զանազան հանգրուաններուն ճակատագրական անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող պահերուն, հայկական սփիւռքի ներկայ իրավիճակին, հին եւ նոր գաղութներու ներկայացուցած պատկերով ու հարցերով, Հայ դատի աշխատանքներու եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով տարուած աշխատանքներուն, այսօրուան մեր անկախ հանրապետութեան հզօրացման ուղղուած առաջնակարգ հարցին եւ անոր զուգընթաց ժողովրդավարութեան հակոտնեայ երեւոյթներու առկայութեան, հայրենիք-սփիւռք կանոնակարգուած համագործակցութեան կարեւորութեան, թրքական եւ ազերիական յարձակողապաշտութեան երեւոյթներուն:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Սպանիա
Նախաձեռնութեամբ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ մատրիտահայութեան Ծխական խորհուրդին, 3 յունիսին Մատրիտի Իկլեսիա տէ լաս Քարմելիթաս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ, որուն յաջորդեց համերգ` կատարողութեամբ կիրակնօրեայ դպրոցի սաներուն ղեկավար Ժուլիէթա Հայրապետեանի:
Աւարտին շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկան Ծխական խորհուրդի նախագահ Մարիէթ Մաթոսեան եւ դեսպանութեան անունով` հիւպատոս Էլեն Արզումանեան:
Սուրիա
«Անի» Մասնաճիւղի Ձեռնարկը
Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան, 19 մայիսին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց եւ ցուցահանդէս-վաճառք` նուիրուած «Հայ գիրքի տարուան»:
Մասնաճիւղի ատենապետուհի Լիզա Մինասեան իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ մեր պատմութեան խաղաղ թէ վերիվայրումներով լեցուն ժամանակներուն հայ կինը միշտ ունեցած է իր իւրայատուկ դերակատարութիւնը, իսկ մեր սեփական պատմութեան քաջատեղեակ ըլլալու համար ընթերցասէր պէտք է ըլլալ: Ապա Զեփիւռ Կիրակոսեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը` արձակագիր, ՍՕԽ-ի անդամ Պերճուհի Աւետեանը:
Բանախօսը անդրադարձաւ «Հայ կնոջ դերը պատմութեան մէջ եւ հայ կինը գրականութեան մէջ» թեմային: Ան առաջին մասով ներկայացուց նախաքրիստոնէական շրջանին ժողովուրդներու մօտեցումը կնոջ արժեւորման հարցին, իսկ երկրորդ մասով խօսեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի հրատարակութիւններէն «Ուխտ» եւ «Այգ» մատենաշարերուն մասին, որոնք լոյս կը տեսնեն թեմի առաջնորդին ջանքերով:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ տեղի ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի հրատարակութիւններէն ցուցադրուած գիրքերու վաճառք:
ՍՕԽ–ի Վերանորոգուած Խնամատարական
Սենեակի Պաշտօնական Բացում
Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, 27 մայիսին ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խնամատարական բարեզարդուած սենեակին բացումը, ուր զետեղուեցաւ հանգուցեալ Հրանդ Հայրապետեանին յիշատակը անմահացնող յուշատախտակ մը:
ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով Սիլվա Իւզպաշեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ ՍՕԽ-ի առաքելութեան, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Հայրապետեան ամոլին, որոնք իրենց ներդրումը բերելով` ստանձնեցին խնամատարականի սենեակին բարեզարդումը:
Խնամատարական յանձնախումբի ատենապետուհի` Հրանդ Հայրապետեանի դուստր Թալին Մինասեան խօսք առնելով նկարագրեց իր հայրը որպէս գուրգուրոտ, բարի եւ ազգասէր մարդ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան, որուն ճիգերով իրականացաւ այս նախաձեռնութիւնը:
Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Աննա Տ. Յակոբեանը, որ անդրադարձաւ ՍՕԽ-ին մէջ նուիրական ծառայութեան գաղափարին, ապա խորհրդանշական նուէրով մը պատուեց բարերարը` միաժամանակ փոխանցելով միութեան երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը:
Սրբազան հայրը շնորհաւորեց ներկաները մայիս 28-ի առիթով, այնուհետեւ գնահատեց ՍՕԽ-ի մեծ ընտանիքը` ազգային կեանքին մէջ իր օրհնաբաշխ ներկայութեան համար եւ մաղթեց, որ անոր աշխատելաձեւը օրինակ դառնայ ժողովուրդին:
Դասական Համերգ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, 28 մայիսին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի նուիրուած երաժշտական հրապարակային համերգ:
Բացման խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանեց Հրաչ Սերայտարեան, որ անդրադարձաւ կայացող ձեռնարկի ընդմէջէն փոխանցուած խորհուրդին:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ դասական համերգը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին` Գէորգ Մութաֆեան, Միքայէլ Գունտիրեւ, Շահէ Քէշիշեան, Լիւտմիլա Հախինեան-Արապաթլեան, Գայեանէ Շեւչենքօ եւ Գայեանէ Քոչարեան:
Աւարտին Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան գնահատական խօսք ուղղեց ձեռնարկին կազմակերպիչներուն:
Յունաստան
Յունաստանի Հյդ Հայ Դատի Յանձնախումբը
Հանդիպում Ունեցաւ Սթեֆանոս Մանոսի Հետ
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը 1 յունիսին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՏՐԱՍԻ խմբակցութեան ղեկավար Սթեֆանոս Մանոսի` ընդառաջելով անոր դիմումին:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած փոխադարձ ծանօթացման հանդիպման ընթացքին կողմերը զեկուցեցին հայկական գաղութի կառոյցներուն ու գործունէութեան վերաբերող հարցերու, դպրոցական-կրթական համակարգին հետ առնչուած խնդիրներու, Հայ դատի ծիրին մէջ իրագործուող աշխատանքներու մասին: Մանոսի բացատրուեցան` Հայ դատի պահանջատիրութեան հիմնական կէտերը, Արցախի հակամարտութեան հարցը եւ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ դիրքաւորումները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Յունաստանի մէջ տիրող իրավիճակին, տնտեսական վիճակին եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասին:
Ռումանիա
Հայկական Եւ Եւրոպական Նորաձեւութեան
Ցուցադրութիւն
7 յունիսին Ռումանիոյ նորակառոյց Ազգային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը «Նորաձեւութեան ճանապարհ. երկխօսութիւն սահմաններու միջով» եւրոպական շրջուն ցուցահանդէսին:
Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Համլեթ Գասպարեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ սոյն ցուցահանդէսը ճիշդ տեղէն սկսած է, որովհետեւ Ռումանիան աշխարհագրօրէն եւ պատմականօրէն Եւրոպայի հարաւարեւելեան դարպասն է եւ հայերուն համար եւրոպական տարածքի վրայ` թերեւս ամենամօտը, աւելցնելով, որ հայ-ռումանական ընդհանուր արժէքները կը բանան դռները եւ մտքերը:
Այնուհետեւ Անտրա Կլիցան եւ Արամ Նիկոլեան ելոյթ ունենալով` անդրադարձան համատեղ աշխատանքի եւ իրենց նորաձեւութեան մասին:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 24 յունիս:
Աւստրիա
«Բխիյեան» Լարային Քառեակի
Համերգը
Կազմակերպութեամբ Կրացի Հայ առաքելական եկեղեցական վարչութեան, վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայ եւ աւստրիական երաժշտական արուեստի հանդիպում» խորագրով համերգը` կատարողութեամբ Աւստրիոյ Կրաց քաղաքի Ուելշէ Կիրխէի «Բխիյեան» լարային քառեակին, որուն անդամներն են` Մարինէ Բխիյեան` ջութակ, Միխայլօ Զախարով` ջութակ, Գայեանէ Միրզոյեան` ալթ, Եուտիթ Փափ` թաւջութակ: Յայտագիրը կը բովանդակէր Ժոզեֆ Հայտընի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:
Համերգի աւարտին կազմակերպուեցաւ հանգանակութիւն, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Երեւանի Քանաքեռ համայնքին մէջ գործող երաժշտական դպրոցին:
Համերգին նպատակն էր աւստրիացի եւ հայ գաղութին ծանօթացնել բարձրորակ երաժշտական արուեստը:
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Գիրքի Տարուան Նուիրուած
Դասախօսութիւն
Արամ Ա. կաթողիկոսի` 2012 տարին Հայ գիրքի տարի հռչակելուն առիթով, նախաձեռնութեամբ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան, վերջերս եկեղեցւոյ «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի տարուան նուիրուած դասախօսութիւն մը:
Օրուան դասախօս «Ֆերահեան» վարժարանի հայոց լեզուի դասատու Արա Գազանճեան ներկայացուց հայ գիրքին արժէքը մեր ազգային ու մշակութային կեանքին մէջ, անդրադարձաւ առաջին տպուած հայերէն գիրքին` «Ուրբաթագիրք»-ին, որուն հրատարակութեան 500-ամեակն է այս տարի, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ճարտարարուեստի զարգացումին պատճառով ընդհանրապէս գիրքը փոխարինող արդիական միջոցներուն, որոնք նորանոր մարտահրաւէրներ են բոլորին համար:
Ցեղասպանութեան Զոհերուն Նուիրուած
Ճեմուղի
Արիզոնայի Սքաթստէյլ քաղաքի Ս. Աբգար եկեղեցւոյ կից բացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած իւրայատուկ ճեմուղի մը, որուն երկայնքին դրոշմուած են 113 քաղաքներու անուններ, ուր 1896-1915 հայերու դէմ կոտորածներ կատարուած են:
Յիշատակի այս ճեմուղիին հեղինակն է 17-ամեայ Նուպար Արմէն Մանուկեան, որ ծրագիրին նախաձեռնեց սկաուտական «Արծիւ» կոչումը ստանալու աշխատանքներու ծիրին մէջ: Աւելի ուշ անոր շնորհուեցաւ այդ կոչումը, որ զինք դարձուց Արիզոնայի մէջ այդ կոչումին արժանացած առաջին հայ սկաուտը: Միացեալ Նահանգներու տարածքին սկաուտներուն միայն հինգ տոկոսը կ՛արժանանայ այս կոչումին:
Ճեմուղին 68 ոտք երկայնք ու 5 ոտք լայնք ունի, եւ զայն իրականացնելու նպատակով անհրաժեշտ ծրագրումին, դրամահաւաքին եւ կառուցման համար Նուպար տրամադրած է 320 ժամ աշխատանք:
Ժան Գազանճեանին Անհատական
Ցուցահանդէսը
1 յունիսին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ նկարիչ Ժան Գազանճեանի անհատական ցուցահանդէսին բացումը` «Երեւակայական բնապատկերներ» խորագրով:
Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան խօսք առնելով` շեշտեց, որ հիւպատոսութեան այս նախաձեռնութիւնը կը միտի համայնքին ծանօթացնել արուեստագէտներն ու նշանաւոր դէմքերը:
Ցուցահանդէսին ելոյթ ունեցան Ժան Գազանճեանի կինը` արուեստաբան Քրիստին Արժիլէ եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի փրոֆ. քննադատ Կլորիա Օպերսթայն:
Յայտնենք, որ Գազանճեանին գործերը ցուցադրուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Ան ծնունդով մուսալեռցի է, մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է Լիբանանի մէջ: Երկար տարիներ ապրած է Ֆրանսա: Ներկայիս հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Արժանթին
Գիրքի Շնորհահանդէս
7 յունիսին Պուէնոս Այրեսի կառավարութեան մշակոյթի նախարարութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիանա Տէր Կարապետեանի «Եաները արժանթինեան արուեստի մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Պուէնոս Այրեսի կառավարութեան մշակոյթի նախարար Էռնան Լոմպարտի իր ելոյթին մէջ շեշտեց նման գիրքի մը հրատարակութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկաներուն հետ բաժնեց վերջերս Հայաստան իր կատարած այցի տպաւորութիւնները:
Տիանա Տէր Կարապետեան խօսք առնելով` նկատել տուաւ, որ գիրքը կեանքի կոչուած էր Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի Պուէնոս Այրես կատարած այցին ընթացքին:
Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան մեծապէս կարեւոր նկատեց նման նախաձեռնութիւնները: Ան մասնաւորապէս նշեց այն բարենպաստ պայմանները, որոնց պատճառով հայերը շաղուած են արժանթինեան հասարակութեան հետ եւ ինքնադրսեւորուած են նաեւ արուեստի բնագաւառին մէջ:
Շնորհահանդէսին գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան արժանթինահայ երգիչներ:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

