Կռթալ Եւ Փքուածութիւն

Պատրաստեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Կռթալ կամ զկռթալ` կը նշանակէ ստամոքսին օդը կոկորդէն եւ բերնէն դուրս արտահանել: Այս գործողութիւնը կը կոչուի կռթոց կամ զկռթոց:

Բնական պայմաններու մէջ բոլորս ալ ուտելու եւ խմելու ընթացքին որոշ քանակութեամբ մը օդ կը կլլենք: Կուտակուած օդին մեծ մասը ընդհանրապէս յետադարձութեամբ, մեղմօրէն եւ կամ ուժգնութեամբ, ստամոքսէն կը մղուի դէպի որկոր եւ բերան: Այս գործողութիւնը կը կոչուի կռթալ, զկռթալ կամ բղկալ, որ կը նկատուի բնական երեւոյթ: Կլլուած օդին մէկ մասը կը մտնէ բարակ աղիքներ եւ ներծծուելով անոր պատերէն` կը մտնէ արեան շրջագայութեան: Օդ պարունակող արիւնը կը հասնի թոքեր եւ հոն տեղի կ՛ունենայ օդի արտահանումը թոքերէն դուրս:

Զկռթոցը կը նկատուի հիւանդագին երեւոյթ, երբ ան ըլլայ մնայուն-շարունակական: Այս հիւանդագին երեւոյթը կը յառաջանայ անզգալաբար բնականէն շատ աւելի օդ կլլելով, որ կը պատահի հետեւեալ պատճառներով.

1.- Ջուրը եւ բոլոր հեղուկները արագօրէն խմելով
2.- Պառկած, հորիզոնական վիճակի մէջ ուտելով եւ խմելով
3.- Ծամոնի գործածութեամբ
4.- Ծխախոտի երկարատեւ գործածութեամբ
5.- Կարծր շաքարեղէններ ծծելով
6.- Կազ պարունակող զովացուցիչներ խմելով
7.- Անձկալից եւ ջղագրգիռ վիճակ ունենալով
8.- Կամովին արագ շնչառութեամբ
9.- Առատ լորձունքի արտադրութեամբ
10.- Որկորա-ստամոքսային յետադարձութեան գոյութեամբ

Զկռթոցի ընթացքին ստամոքսի պարունակութիւնը կրնայ օդին հետ միասին հասնիլ ըմբան ու բերան:

Բնականէն շատ աւելի քանակութեամբ կլլուած օդը կը լայնցնէ եւ կ՛ուռեցնէ ստամոքսը: Այս ընդլայնումը կը պատճառէ փքուածութիւն եւ փորի ցաւ: Զկռթոցով կը մեղմանան փքուածութիւնն ու փորի ցաւը: Ուրեմն փքուածութեան անմիջական պատճառը ստամոքսին օդով ընդլայնումն է:

Զկռթոցի ընթացքին որկորի վարի բերանը կը բացուի սեղմիչ մկաններու թուլացումով, ստոծանին  կը մղուի դէպի վար եւ  խռչափողի երկու իրական ձայնալարերը իրարու մօտենալով` կը խցեն խռչափողը, որպէսզի ստամոքսի պարունակութիւնը ըմբան հասնելէ ետք չմտնէ խռչափող: Սակայն հազուագիւտ պարագաներուն ձայնալարերը իրարու չեն մօտենար եւ խռչափողը կը մնայ բաց վիճակի մէջ: Այս պարագային ստամոքսէն բերան հասած ստամոքսային պարունակութիւնը շատ դիւրաւ կ՛ուղղուի դէպի խռչափող եւ թոքեր: Այս կացութիւնը կրնայ ստեղծել շնչառութեան դժուարութիւն եւ թոքերու բորբոքում:

Վերոյիշեալ հիւանդագին եւ ոչ հիւանդագին զկռթոցը կը պատահի ակամայ:

Սակայն կան անհատներ, որոնք կրնան կամովին  զկռթոց ունենալ եւ այդ` շարունակաբար օդ կլլելով:

Բոլոր պարագաներուն, զկռթոցը կրնայ դառնալ յոգնեցուցիչ եւ անհաճոյ երեւոյթ մը:

Զկռթոցը կարելի է հակակշռել հետեւեալ միջոցառումներով.

1.- Հրաժարիլ օդ կլլելու սովորութենէն
2.- Հրաժարիլ կամովին զկռթելէ
3.- Ուտել եւ խմել նստած վիճակի մէջ եւ դանդաղօրէն
4.- Շատ ծամոն եւ ծխախոտ չգործածել
5.- Ապրիլ ուրախ եւ լաւ տրամադրութեամբ, հեռու` անձկութենէ
6.- Արագ չշնչել
7.- Լորձնաբեր գեղձերը գրգռող կերակուրներ չուտել, որպէսզի առատ լորձունք չարտադրուի բերնին մէջ
8.- Դարմանել ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւնը

Փքուիլ` կը նշանակէ օդով եւ կամ կազով ուռիլ, ընդլայնիլ: Այս գործողութիւնը կը կոչուի փքուածութիւն: Փորի փքուածութիւնը հիմնականօրէն ստամոքսի եւ կամ  աղիքներու օդով կամ կազերով ընդլայնումն է:

Փորի փքուածութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւով.

Ա.- Երկարատեւ-մնայուն, որ հետեւանքն է`

ա.- Ներորովայնային հեղուկի, որ կը պատահի զանազան ներորովայնային հիւանդութիւններու պատճառով
բ.- Ներորովայնային ուռերու եւ ճարպի
գ.- Ներորովայնային ծաւալած օրկաններու

Բ.- Անցողակի-ժամանակաւոր, ուր փքուածութիւնը կ՛ըլլայ ընդհատումներով

Ժամանակաւոր փորի փքուածութիւնը տեղի կ՛ունենայ զանազան պատճառներով, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.

ա.- Կլլուած օդ, որուն մեծ տոկոսը կը կուտակուի ստամոքսին մէջ եւ պզտիկ մէկ տոկոսը ստամոքսէն անցնելով` կը հասնի բարակ աղիքներ
բ.- Առատ կազի արտադրութիւն աղիքներուն մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պատճառներով`

1.- Սննդանիւթերու ոչ ամբողջական մարսում
2.- Ցպկամարմիններու բնականէն աւելի մեծ թիւով ներկայութիւն աղիքներուն մէջ
3.- Աղիքներու խցում, որ տեղի կ՛ունենայ`

  1. Ներաղիքային փոլիփներով
  2. Ներաղիքային խլիրդով
  3. Աղիքային բորբոքումներով
  4. Աղիքային հանգոյցներով
  5. Աղիքներու անբնական գործունէութեամբ, ծուլութեամբ եւ գրգռութեամբ

Փորի փքուածութիւնը կ՛անհետանայ հետեւեալ միջոցառումներով.

1.- Մնայուն փքուածութեան պարագային`
Դարմանել հիմնական ախտապատճառները

2.- Ժամանակաւոր փքուածութեան պարագային`
Հետամուտ ըլլալ բնականէն աւելի աղիքային կազեր չունենալու, այսինքն`

ա.- Հետեւիլ առողջ սննդականոնի
բ.- Դարմանել ներաղիքային բոլոր հիւանդութիւնները` դեղերով եւ վիրաբուժութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES