Ճշմարտութեա՞ն, Թէ՞ Կեղծաւորութեան Կողմնակից Ես

ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

0Շեղումներն ու խոտորումները մեր կենսընթացին մէջ անսահմանելի են եւ անհակակշռելի: Մարդ երբեմն իր բնաւորութեամբ ու նկարագրով կամ իր իսկ ձեռքով կ՛ենթարկուի բազմազան փորձութեանց ու ձախողութեանց: Այսինքն մարդ յաճախ իր թերութեան, վատ ունակութեան, կողմնակալութեան, շողոքորթութեան ու քծնանքի մոլութեանց ու «հակում»-ներուն պատճառով իր անձը կը մատնէ ու կ՛առաջնորդէ դէպի անդունդ եւ աղիտալի վախճան: Նման մոլութեանց պատճառները բազմաթիւ են, սակայն պատճառներու տեղի տուող պարագաները` թաքուն եւ անբացատրելի:

Զատողութեան եւ կողմնակալութեան սովորութիւնները նոր երեւոյթ մը չեն այսօրուան համամարդկային մեր կեանքին մէջ: Կողմնապաշտ մարդիկ այսօր ամէնուրեք ու ամէն տեղ են: Անոնց կը հանդիպինք մշտապէս, ամէն քայլափոխի, տարբեր դիմակներու, թատերաբեմերու, պարագաներու, հանգամանքներու եւ պաշտօններու վրայ: Նման անձեր մշտական կայք հաստատած են յաջողակ ու երեւելի մարդոց հակադիր բեւեռի վրայ, ընտրած են խաւարամտութեան, չարակամութեան, ձախորդութեան, բամբասանքի եւ չարամտութեան ուղին, պարզապէս` իրենց նմանակիցը նսեմացնելու եւ անուանարկելու, անոր արժանիքները ստորադասելու եւ յաջողութիւնները վարագուրելու, այնպէս որ, «երբ յաջողածներ ոտքի կանգնին, իրենք կը նստին, իսկ երբ նստին, ոտքի կը կանգնին»: Անյոյս վիճակ…

Մարդիկ միշտ իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են ի տես սա ընկերաքանդ յոռի երեւոյթին, որ ընկերութեան պառակտման եւ օձտման հիմնական պատճառը եւ «էոյթը» կը համարուի: Հա՛րց տուր բարեկամիդ, ընկերոջդ կամ դրացիիդ, թէ ինչի՞ կողմնակալ է. շահի՞, թէ՞ նպատակի, կեղծիքի՞, թէ՞ ճշմարտութեան, ստախօսութեա՞ն, թէ՞ արդարամտութեան… Սովորաբար այս բոլորէն ետք պատասխանը կ՛ըլլայ` «ճշմարտութեան պաշտպան կը կանգնիմ», «անաչառ եմ իմ դատողութեանս մէջ», «բոլորը հաւասար են իմ աչքիս», «ընկերներս համահաւասար կը սիրեմ…»: Կողմնակալութեան կամ զատողութեան սկզբնական կէտն է նախատրամադրուածութիւնը: Բառ մը, որ մշտապէս ունեցած է եւ պատճառած բազում վտանգներ ե՛ւ տուեալ անձին, ե՛ւ ընկերութեան, ե՛ւ անմիջական շրջապատին: Նախատրամադրուածութեամբդ առաջին հերթին տեսակաւոր սխալ դատաստաններ կը կատարես, միշտ զգուշաւոր «պատեան»-ի եւ վերապահ վիճակի մէջ կը գտնուիս, կ՛ուզես շրջապատուիլ քեզի համախոհ եւ կողմնակից մարդոցմով, անոնց հետ խօսակցիլ եւ ժամանակդ մսխել վասն ոչինչի, պարզապէս այդպիսիք, ըստ քու անհիմն կարծիքիդ, քեզի «ուրախութիւն» կ՛առթեն եւ «սրտբացօրէն» կը վերաբերին քեզի հետ: Բարեկա՛մ, գիտցիր` ինչպիսի՞ ճամբու մէջ է, որ կը գտնուիս, եւ այդ ուղին ապագային քեզ ո՛ւր կրնայ  առաջնորդել:

Երբ փոքրիկ մը գիտակցութեան կու գայ եւ իր առաջին քայլերը կ՛ուղղէ դէպի դպրոց ու ընկերային կեանք, անպայմանօրէն կը փափաքի իր հետաքրքրութիւնները շօշափող եւ իր մօտեցումները բաժնեկցող համամիտ ընկերներով շրջապատուիլ եւ այդպէս կազմել իր շրջանակը: Բայց հոս պէտք է պահ մը կանգ առնել: Այս մեկնակէտին մէ՛ջ է, որ երեխային կամ պատանիին մէջ կը սկսի արմատաւորուիլ կողմնակալութեան կէտը: Երբ պատանին կը սկսի շփում ունենալ իր ընկերներուն հետ, պէտք չէ զատողութեան ապաբարոյ սովորութիւնը իր մէջ աճ արձանագրէ: Կարելի՞ բան է. այո՛: Ծնողք-ուսուցիչ-դպրոց եռամիասնութիւն մըն են, որոնք կը ձեւակերպեն եւ կը կերպարանաւորեն տակաւին ձեւ չստացած  շիկացած հեղուկը, որ պիտի կազմէ վաղուան խոստմնալի երիտասարդը: Յղկարան, որ տձեւ տախտակը պիտի տաշէ ու յղկէ` զայն կոփելու եւ դարձնելու համար գեղատիպ, բայց միաժամանակ գործածելի եւ որակեալ իրի: Հոգեձուլարան, ուր դեռատի պատանին քրիստոնէական չափանիշներով, շահեկան սկզբունքներու համադրութեամբ եւ հայատիպ կրթութեամբ պիտի ոգեզինուի` դառնալու համար վաղուան տիպար հայն ու յանձնառու հայրը:

Մանկավարժ-հոգեբան Կորտըն Օլփորդ իր «Կանխակալութեան բնոյթը» («The Nature of Prejudice») խորագրեալ գիրքին մէջ լայնօրէն անդրադարձած է զատողութեան տուն տուող պատճառներուն եւ հետեւեալը առաջարկած` փոքրիկին մէջ կանխելու համար սա ախտաւոր նկարագրային գիծը. «Եթէ մանուկ մը կ՛ապրի խաղաղ պայմաններու եւ սիրով զեղուն ընտանիքի մը մէջ, ապագային կը դառնայ համբերատար, խոհեմ եւ անկողմնակալ երիտասարդ մը, որովհետեւ իր երեխայութեան ժամանակ իր ընտանիքին մէջ տեսած է սիրալիր յարաբերութիւն, յարգալիր վերաբերմունք եւ առողջ դաստիարակութիւն: Իսկ այն փոքրերը, որոնք քայքայուած եւ հարցերով լեցուն ընտանիքի մը մէջ կ՛ապրին, հոգեբաններ փաստած են, որ նման երեխաներ երիտասարդութեան ժամանակ ունեցած են բազմադիմի հոգեկան բարդոյթներ ու հիւանդութիւններ, տարտամ վիճակ եւ մանաւանդ` երերուն նկարագիր…»: Յաճախ լսուած եւ ըսուած խօսք է մանկավարժին յայտնած սոյն տեսութիւնը: Շատեր «բանգէտ»-ներու նման անկարեւոր կը նկատեն եւ ոչ իսկ ականջ կու տան տուեալ խօսքին` պատճառաբանելով, որ մանուկ մը իր ծնունդի օրէն սկսեալ իրեն հետ աշխարհ կը բերէ նկարագրային գիծեր, որոնք ժամանակի ընթացքին նորափթիթ ծաղիկի պէս իր մէջ արմատ կը նետեն ու կը ծլարձակին: Շատեր այդ ընթացքին փուշ, տատասկ եւ որոմ կը բուսցնեն, իսկ ուրիշներ հոտաւէտ բուրմունք կու տան իրենց չորսդին:

Մանուկի մը դաստիարակութիւնը ամէնէն դժուարալից եւ նուիրական զոհողութիւնն է այս երկնակամարին վրայ: Այն ծնողքը, որ կրնայ իր երեխային յոռի կէտերը արմատախլել, իր մանուկը փրկած կ՛ըլլայ մօտալուտ եւ հեռակայ վտանգներէ եւ իր նորատունկ ծառը պատուաստած բաղձալի ինքնութեամբ ու ինքնուրոյն դիմագիծով` անոր ապահովելով յաջողութիւն, արժանապատիւ դիրք հաւաքական ներկայ թէ ապագայ կեանքին մէջ: Իսկ այն ծնողքը, որուն անհոգութեան պատճառով իր սրտահատորեակը խառնիճաղանճ աշխարհի մը` «քաոս»-ի մը մէջ հասակ կ՛առնէ, ձեւով մը իր զաւակը մխրճած կ՛ըլլայ ցեխաթաթաւ մթնոլորտի մէջ, եւ որուն պատճառով դերակատար անձնաւորութիւնը կեղծաւորութեան հակելու, յուսադրիչ ամէն երեւոյթ ստուերելու եւ ոտնահարելու քանդիչ վարքագծի տէր անձ մը կը դառնայ:

Շողոքորթութիւնն ու քծնանքը առհասարակ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ առանցքն ու կորիզը կազմող մոլութիւնները կը համարուին: Այսպիսի չարախինդ մոլուցքներով պարապող ճոռոմաբաններ, իրենց  ունակութեամբ, ճարտարութեամբ ու հնարքներով հեղինակութիւն ունեցող եւ կարկառուն դէմքերու կը փարին, անոնց ոտքի կոխան կը դառնան, իրենց «տիրոջ» հասցէին ներբողներ ու գովաբանութիւններ կը հիւսեն, որպէսզի կարենան իրենց շահը ապահովել, երեւիլ հրապարակներու վրայ (անշուշտ եթէ առիթը տրուի իրենց): Միւս կողմէ` յերիւրածոյ չարախօսութիւններով կը վարկաբեկեն իրենց  տաղանդաւոր գործընկերները, ստայօդ շաղփաղփութիւններով կը թերագնահատեն իրենց յաջողակ ընկերը` բովանդակազրկելով թէ՛ անոր կատարած ներդրումները, թէ՛ արձանագրած վերելքը, եւ թէ՛ նուաճած իրագործումները: Բժի՛շկ, նախ դուն քեզ բժշկէ (Հմմտ. Ղկ 4.23) եւ ապա ցուցանշէ ընկերոջդ կարծեցեալ թերութիւնները, որոնք խորքին մէջ ոչ իսկ սխալ կամ մեղք կը սեպուին:

Քրիստոնէական բարոյականը հիմնուած է Քրիստոսի եւ Անոր ուսուցումներուն վրայ: Ի՞նչ էր Աստուածորդիին ուսուցումներուն եւ քարոզխօսութեանց հիմնական նպատակակէտը. ՍԷ՛Ր ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՍԷ՛Ր ԱՌ ՄԱՐԴԻԿ: Այսօրուան մեր ընկերութեան թատերաբեմը լեցուն է պէս-պէս մարդոցմով, որոնց սէրը պայմանաւորուած, պատճառաւորուած հիմունքներու վրայ ամրակայուած է: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ երեք տեսակի սէր կայ. առաջին` «պայմանական» սէր, որուն կարգախօսը «եթէ»-ն է, իսկ պտուղը` շահը: Երկրորդ` «պատճառաւոր» սէր, որուն նշանաբանը «որովհետեւ»-ն է, իսկ արգասիքը` տուեալ անձին կամքը: Երրորդ` «ճշմարիտ» սէր, որ հիմնուած է անշահախնդիր, անպատճառաւորուած եւ անպայմանաւորուած սիրոյ վրայ: Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Սէր ունեցողը համբերատար կ՛ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ: Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, անպատշաճ վարմունք չ՛ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ՛ուրախանար, այլ ուրախակից կ՛ըլլայ ճշմարտութեան: Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա.Կր. 13.4-7):

Սիրելի՛ ընթերցող, կողմնակալութիւնն ու սէրը ունին իրենց պտուղները: Կողմնակալ մարդիկ կը նմանին այն գերեզմանափոր մարդոց, որոնք իրենց «բարեկամ»-ներուն մնայուն կերպով գերեզման կը փորեն, ապա կեղծաւորաբար անոնց յուղարկաւորութեան կը մասնակցին, կը սգակցին եւ կեղծ վշտակցութիւններ կը յայտնեն: Իսկ ճշմարիտ սէր ունեցող քրիստոնեան աստուածախօս պատուէրին ականջ տալով` ո՛չ միայն կը սիրէ իր ընկերը իր անձին պէս, այլեւ կ՛օրհնէ զինք անիծողները, բարիք կ՛ընէ զինք ատողներուն եւ կ՛աղօթէ անոնց համար, որոնք զինք կը չարչարեն եւ կը հալածեն (Հմմտ. Մտ. 5.44):

«Ամէն անգամ որ գտնուած եմ մարդոց ընկերութեան մէջ, դարձած եմ նուազ մարդ», կ՛ըսէ Սենեկա: Աշխարհը լի է կողմնակցութեան համակիր, պատիր դիմակաւոր եւ կեղծաւոր մարդուկներով, որոնք քեզի ժպտաշուրթն կը ներկայանան, կ՛ողջագուրուին պիղծ համբոյրներով, մինչդեռ ընկրկումդ ու նահանջդ կ՛ոգեւորեն զանոնք, իսկ յառաջխաղացքդ կը մտատանջէ ու կ՛անհանգստացնէ: Նմանէ Քրիստոսի, եւ օրինակելի կեցուածքովդ եւ քրիստոսատիպ վարքովդ օրինակ դարձիր անոնց, որովհետեւ իրենց սիրտը պատուած է որոմներով…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES