ՍԱԼԵՀ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԻՍԿ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՅՆ ՄԵՐԺԵՑ

Արաբական Ծոցի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ

Եմէնի ընդդիմութիւնը երէկ մերժեց Ծոցի երկիրներու խորհուրդի նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ կը թուի, թէ անիկա նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհին անձեռնմխելիութիւն կը շնորհէ: Ընդդիմութեան մերժողական կեցուածքէն կարճ ժամանակ ետք Սալեհի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ նախագահը կ՛ընդունի իշխանութիւնը սահմանադրութեան շրջագիծին մէջ փոխնախագահին յանձնելով հեռանալու առաջարկը:

Տասնեակ հազարաւորներ Սանաայի, Թայիզի, Հուտէյտայի, Իպի եւ Հատրամաութի մէջ ցոյց կատարեցին` մերժելով Արաբական ծոցի երկիրներու խորհուրդին նախաձեռնութիւնը:

Արաբական ծոցի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կիրակի օր Ռիատի մէջ իրենց ժողովին ընթացքին Եմէնի տագնապի կողմերուն հրաւէր ուղղեցին Ռիատի մէջ ժողով մը գումարելու, սակայն այդ ժողովին թուական մը չճշդեցին:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը խօսէր ընդդիմութեան ղեկավարութեամբ կազմութեան մասին ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ իրաւունք ունի յանձնախումբեր կազմելու, սահմանադրութեան նախագիծ պատրաստելու եւ ընտրութիւններ կազմակերպելու:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Սալեհ իր իշխանութիւնը պիտի յանձնէ փոխնախագահին եւ բոլոր կողմերը պէտք է դադրեցնեն «վրէժ լուծելու ամէն ձեւերը® եւ դատական հետապնդումները` ներկայացնելով երաշխիքներ»:

Եմէնի նախագահութիւնը յայտարարեց, որ կ՛ողջունէ տագնապի լուծման Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի` սէուտական ղեկավարութեամբ թափուած ջանքերը, եւ կը մերժէ Քաթարի յայտարարութիւնները, որոնք Եմէնի ներքին հարցերուն անընդունելի միջամտութիւն են:

 

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ նախապէս մերժած էր Եմէնի ներքին հարցերուն մէջ արտաքին միջամտութիւնները, ներառեալ` Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը, որ իր երկրին ներքին հարցերուն քաթարական միջամտութիւն մը նկատած էր:

Սալեհ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ հազարաւոր համակիրներու «Համաձայնութեան ուրբաթ»ի հաւաքին ընթացքին այդ երկիրներէն պահանջած էր յարգել Եմէնի գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը եւ յայտնած, որ ինք իր օրինականութիւնը կը ստանայ եմէնցի ժողովուրդէն եւ ոչ թէ որեւէ այլ կողմէ:

Եմէնի արտաքին գործոց նախարար Ապու Պաքր Քարպի նախապէս ողջունած էր նախաձեռնութիւնը եւ յայտարարած էր, որ իշխանութիւնները Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի առաջարկը «կը սերտեն»: Նշենք, որ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը օրին հաղորդած էր, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի առաջարկը ամերիկեան եւ եւրոպական զօրակցութիւն կը վայելէ: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» իր կարգին հաղորդած էր, որ Ուաշինկթըն բողոքի ցոյցերուն սկսելէն ետք, փետրուարէն ի վեր սառեցուցած է Եմէնին յատկացուող ամերիկեան օժանդակութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES