ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԱՍԱՏԻՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Նախագահ Ասատ կը կարդայ Յորդանանի թագաւորին նամակը

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղուած նամակի մը մէջ երկու երկիրներուն միջեւ լաւագոյն յարաբերութեանց եւ երկու երկիրներուն ապահովութիւնն ու կայունութիւնը ապահովող ամէն բանի նկատմամբ Յորդանանի նախանձախնդրութիւնը յայտնեց:

«Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Յորդանանի խորհրդարանի նախագահ Թահեր Մասրի Ապտալլա թագաւորին պատգամը փոխանցած է Ասատին, ապա անոր հետ քննարկած է Սուրիոյ եւ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը եւ այդ երկիրներուն մէջ ընթացող բարեփոխումները: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուած է այդ հարցերուն մէջ իրարու փորձառութենէն օգտուելու կարեւորութիւնը:

Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը յորդանանցի իր պաշտօնակիցին հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին ու ղեկավարութեան դէմ դաւ մը գոյութիւն ունի եւ «անհրաժեշտ է ժողովրդային արդար պահանջները եւ խռովարար տարրերու ներթափանցումը իրարմէ տարբերել»: Ան նշեց, որ «արաբական եւ օտար լրատուամիջոցները հաւաստի չեն» եւ աւելցուց. «Մամուլը կը կարծէ, թէ մենք կը յօրինենք»: «Իրականութեան մէջ կ՛ըսենք, եկէք տեսէք, որ լրատուամիջոցներու դէմ գետնի վրայ տեղի ունեցողը նկարելու արգելք բացարձակապէս գոյութիւն չունի: Մենք կը փափաքինք, որ ճշմարտութիւնը յստակ ըլլայ, իսկ ակներեւ ճշմարտութիւնը այն է, որ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան դէմ դաւ մը կայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES