Քամերոն Կը Մերժէ Ֆոլքլանտ Կղզիներու Ճակատագիրին Շուրջ Արժանթինի Հետ Բանակցիլ
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն վերահաստատեց, որ իր երկիրը կը մերժէ երկու երկիրներուն միջեւ վիճելի Ֆոլքլանտ կղզիներու ճակատագիրի ճշդման շուրջ Արժանթինի հետ ուղղակի բանակցիլ:
Քամերոն Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆեռնանտես Տի Քիրշնըրի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «Արժանթին պէտք է յարգէ իր ճակատագիրը առանձին եւ ժողովրդավարական միջոցով ճշդելու նպատակով յառաջիկայ տարուան կիսուն հանրաքուէ կազմակերպելու Ֆոլքլանտի ժողովուրդին որոշումը»:
Բրիտանիոյ վարչապետը Արժանթինի նախագահը տեղեակ պահած է, որ հարցին շուրջ ընդլայնուած բանակցութիւններ պիտի չառաջարկէ` նկատի ունենալով, որ կղզիներուն բնակիչները որոշած են ժողովրդային հանրաքուէ կատարել` յոյս յայտնելով, որ արժանթինեան իշխանութիւնները «առանց որեւէ մէկուն ճնշումին իր ճակատագիրը ճշդելու կղզիներու բնակչութեան փափաքի պատգամը ստացած են»:


