Թուրքիա Ֆրանսայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Արդիւնքներէն Մտահոգ. Ընկերվարականները Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեցին

Երիտասարդ ընկերվարականներ կը տօնեն իրենց կուսակցութեան յաղթանակը

Ֆրանսայի մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրած են ընկերվարականներն ու անոնց դաշնակիցները: Ընտրութեանց արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Ֆրանսայի նոր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կուսակցութիւնը յաջողած է ստանալ բնակչութեան լայն զօրակցութիւնը` բարեփոխումներ կատարելու համար:

Ձայներու հաշուարկի վերջնական արդիւնքը ցոյց տուաւ, որ Հոլլանտի կուսակիցները 577 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ ապահոված են 314 աթոռ: Մեծամասնութիւն կազմելու համար անոնք կարիքը ունէին միայն 289 աթոռի:

Ընտրութիւններուն ընթացքին պարտութեան մատնուած է Հոլլանտի նախկին կողակից Սեկոլեն Ռուայալ: Վերջին շաբաթներուն ֆրանսական լրատուամիջոցները աշխուժ կերպով կը քննարկէին, որ Ֆրանսայի ներկայ առաջին տիկին Վալերի Թրիերվէյլըր իր «Թուիթըր»-ի հաշիւին վրայ Ռուայալի հակառակորդին զօրակցելուն մասին արտայայտուած էր: «Յաջողութիւն Օլիվիէ Ֆալորնիին, որ երբեք անարժան չէ եղած, որ տարիներ անշահախնդիր կերպով ծառայած է Լա Ռոշելի բնակիչներուն եւ պայքարած մեզի հետ», գրած էր Թրիերվէյլըր: Սակայն նախագահ Հոլլանտ ոչ պաշտօնապէս իր նախկին կնոջ թեկնածութեան կը զօրակցէր:

Ընտրութիւններու զգայացունց զարգացումը կարելի է նկատել այն, որ ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային Ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն չէ ընտրուած եւ իր մրցակիցէն պարտուած է ընդամէնը 118 ձայնի տարբերութեամբ: Ընկերվարական Ֆիլիփ Քեմել ապահոված է քուէներուն 50.11 առ հարիւրը, իսկ Լը Փեն` 49.89 առ հարիւրը:

Ֆրանսական խորհրդարանի ամէնէն երիտասարդ երեսփոխանը պիտի ըլլայ Լը Փենի 22-ամեայ զարմուհին` Մարիոն Լը Փեն:

Միւս կողմէ, թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէ, «որուն պատճառով թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն մէջ ճգնաժամ սկսած էր», վերընտրուած է: Ան ստացած է քուէներուն 50.65 առ հարիւրը, իսկ անոր ընկերվարական մրցակից Քրիսթոֆ Մասսի` 49.35 առ հարիւրը:

Թուրքերը նաեւ մտահոգ են այն իրողութենէն, որ թուրք-ֆրանսական բարեկամութեան խմբակի փոխնախագահ Ժան-Ֆիլիփ Մաուրեր պարտութեան մատնուած է: Անոր փոխարէն` քուէներուն 52.25 առ հարիւր համեմատութեամբ ընտրուած է ընկերվարական թեկնածուն:

Մաուրեր այն փոքրաթիւ երեսփոխաններէն էր, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ քուէարկած էր եւ լուրջ ներդրում ունեցած էր Սահմանադրական խորհուրդին դիմելու հարցին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES