Ապահովութեան Խորհուրդը Որոշեց Միջազգային Դէտերը Սուրիոյ Մէջ Պահել

Զօր. Ռոպըրթ Մուտ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որոշեց միջազգային դէտերու պատուիրակութիւնը Սուրիոյ մէջ պահել, հակառակ անոր որ բռնարարքներու մագլցումը անոնց ստիպած է իրենց աշխատանքը դադրեցնել:

Սուրիոյ մէջ դէտերու պատուիրակութեան ղեկավար զօր. Ռոպըրթ Մուտ յայտնեց, որ դէտերը իրենց աշխատանքը շարունակելու բարոյական պարտաւորութիւնը ունին: Մուտ Ապահովութեան խորհուրդին առջեւ եւս յայտարարած էր, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները մագլցում կ՛արձանագրեն, սակայն միջազգային դէտերը Սուրիոյ մէջ մնալու «բարոյական յանձնառութեան տակ են»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Օսքար Ֆեռնանտեզ Թարանքօ իր կարգին Ապահովութեան խորհուրդին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կ՛ուզէ, որ խորհուրդը Անանի ծրագիրի գործադրման համար սուրիական կառավարութեան վրայ շարունակական ճնշում բանեցնէ: Ան ըսաւ, որ Հոմսի կացութիւնը մասնաւոր կերպով մտահոգիչ է»` աւելցնելով, որ «ընդհանուր քարտուղարը իրերայաջորդ կերպով շեշտեց, որ Անանի ծրագիրի ընթացքի փոփոխութեան եւ անոր ամբողջական գործադրութեան գլխաւոր պատասխանատուն է»: «Կրնանք հասնիլ օրուան մը, երբ տագնապի` վերահսկողութենէն դուրս գալը կասեցնելու համար ուշ պիտի ըլլայ»:

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կարգ մը ազդեցիկ երկիրներ այս խորհուրդը կ՛օգտագործեն Սուրիոյ եւ շրջանին դէմ իրենց ապօրինի ռազմավարութիւնը գործադրելու եւ կը փորձեն շրջանին մէջ իրենց կայսերապաշտական նպատակները կենդանացնել»:

Մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ Փեքին եւ Մոսկուա համաձայն չգտնուեցան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու կոչերուն, «Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իրեն ըսած է, թէ Ասատի իշխանութենէն հեռանալուն դէմ չէ: Ան ողջունեց Ասատի ապագային նկատմամբ Ռուսիոյ նախագահի յստակ կեցուածքը: Քամերոն նաեւ նշեց, որ միջազգային ընտանիքը Սուրիոյ տագնապը լուծելու եւ ակնկալուած քաղաքական փոխանցումը իրագործելու կարելիութեանց շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու ընթացքին մէջ է:

Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ վտանգաւոր կացութիւնը սկսած է քանդիչ քաղաքացիական պատերազմի մը բռնկումին մասին զգուշացնել:

Ռուսական դիւանագիտական աղբիւր մը ռուսական «Մոսքովսքիէ Նովոսթի» օրաթերթին յայտնեց, որ «Մոսկուա իշխանութենէն հեռանալէն ետք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հիւրընկալելու նկատմամբ խանդավառութիւն չի ցուցաբերեր»: Աղբիւրը ըսաւ, որ Ռուսիա նախանձախնդիր է, որ սուրիական ընկերութեան յարանուանական եւ ցեղագրական բոլոր խմբաւորումները մասնակից դառնան տագնապի լուծման որեւէ ծրագիրի, ինչպէս նաեւ ապագային երկիրը կառավարելիք իշխանութեան նոր կառոյցներուն մէջ այդ խմբաւորումներուն ներկայացուածութիւնը երաշխաւորուած ըլլայ:

Ռուսական քաղաքական շրջանակներ կարեւոր կը նկատեն, որ ալեւի համայնքին շահերը երաշխաւորուած ըլլան, եւ որպէսզի տագնապին խաղաղ լուծում գտնուի, Ռուսիա կ՛առաջարկէ 15 երկիրներու մասնակցութեամբ միջազգային խորհրդաժողով գումարել:

Մինչ այդ, ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով լաւատեղեակ աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ սեւծովեան նաւատորմիղի «Նիքոլայ Ֆիլչենքով» եւ «Ցեզար Քունիքով» ցամաքահանումի մեծ նաւերուն անսպասելի հրաման տրուած է` պատրաստուելու «Սուրիոյ ափերուն մօտ պետական շահերու պաշտպանութեան»:

Աղբիւրը ըսած է, որ «16 յունիսին Միջերկրական ծով ուղեւորութենէն նոր վերադարձած «Ցեզար Քունիքով»-ը դարձեալ ծով դուրս եկած է` նախապատրաստական աշխատանքներու համար: Դէպի Թարթուս ուղեւորման կը պատրաստուի նաեւ «Նիքոլայ Ֆիլչենքով»-ը»: Պատրաստ է նաեւ «ՍԲ-15» փրկարար քարշակը, որ պէտք է ապահովէ մարտանաւերու անխափան գործունէութիւնը:

Ըստ աղբիւրին, երեք նաւերուն տրամադրութեան տակ են «սեւ պերէաւորները», որոնց հրամանատարն է Ռուսիոյ հերոս, գնդ. Վլատիմիր Պելիաւսքի: «Մարտական ծառայութեան համար պատրաստ են ցամաքահանումի «ամէնէն հզօր» գումարտակի նաւաստիները, որոնց հրամանատարն է փոխգնդապետ Վլատիմիր Լաթինին», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Սուրիա նաւեր ուղարկելու որոշումը տրուած է յանկարծակի:

Միւս կողմէ, թրքական «Հապերթիւրք»-ը կը հաղորդէ, որ Մեքսիքայի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ունեցած են 40 վայրկեան հանդիպում մը, որուն առանցքը եղած է Սուրիոյ տագնապը:

Սպիտակ տունը նշեալ հանդիպումին մասին իր հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ «երկու պաշտօնատարները խօսած են Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու ուղղուած հաւանական քայլերուն եւ Սուրիոյ ժողովուրդի պահանջները բաւարարող նոր կառավարութեան ձեւաւորման հարցին մասին»:

 

Share this Article
CATEGORIES