Ռաատ. «Ժըպրան Պասիլ Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Իր Պարտականութիւնները Կը Կատարէ»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ ելեկտրական հոսանքի անընդհատ անջատումին դէմ լիբանանցիներուն բողոքը յստակ է եւ տեղին, հակառակ այն իրողութեան, որ հրկիզուած անիւներով ճամբաները փակելու միջոցը ոչ մէկ ձեւով կարելի պիտի դարձնէ ելեկտրականութեան տագնապին լուծումը: «Ընդհակառակն` ճամբաներուն փակումը աւելի եւս պիտի բարդացնէ հարցը», ըսաւ ան:
Ռաատ շեշտեց, որ Թաէֆէն ետք Լիբանանին իշխած իրերայաջորդ բոլոր կառավարութիւնները պատասխանատու են Լիբանանի մէջ տիրող ելեկտրական հոսանքի տագնապին:
Ան ընդգծեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ սահմանադրական իրաւասութիւններուն շրջագիծին մէջ իր պարտականութիւնները կը կատարէ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է շարունակէ իր որոշումները գործադրել:
CATEGORIES Լիբանանեան

