«Կարգ Մը Քաղաքական Ուժեր Կը Վարանին Լիբանանի Պաշտպանութեան Ռազմավարութեան Քննարկումէն» Հաստատեց Շէյխ Նայիմ Քասեմ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ կարգ մը լիբանանեան քաղաքական ուժեր կը վարանին Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան քննարկումէն: Ան աւելցուց, որ կարելի չէ Դիմադրութեան եւ Լիբանանի մէջ տարածուած զէնքին միջեւ բաղդատութիւն կատարել:

«Մենք երբեք չենք վախնար Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը քննարկելէ: Ընդհակառակն` այդ կէտը քննարկելու պատճառներէն մէկը այն է, որ հակառակորդ կողմն է այդ քննարկումէն վարանողը, որովհետեւ մեր տրամաբանութիւնը զօրաւոր է, իսկ մեր ապացոյցները յստակ են», ըսաւ ան:

Շէյխ Քասեմ աւելցուց, որ անոնք մտահոգ են, որ իրենց կողմէ մեզ համոզելու փոխարէն, մենք կրնանք զիրենք համոզել, եւ նիստը կ՛աւարտի իրենց կողմէ Դիմադրութեան յաւելեալ զօրակցութեամբ:

«Մենք կասկած չունինք, որ Լիբանան կարիքը ունի պաշտպանողական հզօր ռազմավարութեան, որուն համար մենք պատրաստ ենք եւ գետնի վրայ կը հսկենք` ի շահ Լիբանանի ազատութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին», աւելցուց ան:

Շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ Դիմադրութեան զէնքը յարգանք կը պարտադրէ եւ սուրբ է: «Այդ զէնքը արդիւնաւորուած է Լիբանանի ազատագրումով եւ Իսրայէլի դէմ յաղթանակով, իսկ միլիսներուն սադրանքային զէնքը, որ տգեղ կերպով կ՛օգտագործուի, կը ծառայէ երկրին ապահովական կայունութեան ցնցումին եւ քաղաքացիական անվտանգութեան խախտման տարածումին: Հետեւաբար այդ զէնքին եւ Դիմադրութեան զէնքին միջեւ կարելի չէ բաղդատութիւն կատարել», եզրափակեց շէյխ Քասեմ:

 

Share this Article
CATEGORIES