Պաղեստինցի Երկու Իսլամական Արգելափակեալներ Եւս Ազատ Արձակուեցան
Նահր Պարետի մէջ արձանագրուած դէպքերուն վերաբերող յանցանքներով արգելափակուած 2 իսլամական բանտարկեալներ` Ժիհատ Քատի եւ Մոհամետ Ուեհպէ եւս ազատ արձակուեցան` Թրիփոլի փոխանցուելէ ետք:
Այս մասին արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ կարգ մը արգելափակեալներու ազատ արձակումը չի նշանակեր, որ անոնք անմեղ հռչակուած են:
Միւս կողմէ, իսլամական արգելափակեալներուն թղթածրարի հետապնդումի պատասխանատու շէյխ Նեպիլ Ռհիմ անդրադառնալով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ արգելափակեալ իսլամներուն ազատ արձակման փրկագիները վճարելու երեւոյթին յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի այդ քայլին դիմած է իբրեւ բարեսիրական միութեան նախագահ:
CATEGORIES Լիբանանեան

