Սելիմ Ժրայսաթի – Զասպիքին Հանդիպում
Աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ Զասպիքինի հետ իր հանդիպումը ծանօթացման բնոյթ ունէր` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին ինք ողջունած է շրջանային իրադարձութիւններուն վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կեցուածքը, որ չափաւորական է եւ առարկայական:
«Ռուսիա Սուրիոյ եւ Լիբանանի հետ իմաստուն եւ հանդարտ վարուելակերպ կը ցուցաբերէ` փաստելով, որ իբրեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ, Մոսկուա խաղաղութեան ու ժողովրդավարութեան ջատագով է եւ ոչ թէ պատերազմներու», ըսաւ Ժրայսաթի:
Իր կարգին, Զասպիքին մաղթեց, որ Լիբանան ըլլայ ապահով եւ կայուն երկիր մը` նկատել տալով, որ իրենք ամէնօրեայ դրութեամբ կը խորհրդակցին լիբանանեան տարբեր ուժերուն հետ` պահպանելու համար երկրին խաղաղ իրավիճակը:


