Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ֆայեզ Ղոսընը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական կացութիւնն ու բանակին կարիքները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ լիպիական պատուիրակութիւն մը` Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի անդամ Սլէյման Մոհամետ Ֆուրթիէի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու եւ ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ամին Ուեհպէ:
CATEGORIES Լիբանանեան


