Պըրրի Կը Խոստանայ Գործակցիլ Բանակին Եւ Հըզպալլայի Հետ` Արգիլելու Համար Ճամբաները Փակելու Արարքը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ ճամբաները փակելու արարքներուն` աւելցնելով, որ բանակին եւ Հըզպալլայի հետ պիտի գործակցի` վերջ տալու համար գետնի վրայ որդեգրուող այս քայլերուն:

Պըրրի ընդվզում յայտնեց նաեւ ելեկտրական հոսանքին պարզած իրավիճակէն` նկատել տալով միաժամանակ, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստին ընթացքին պէտք է արմատական լուծումներու դիմէ` ելեկտրականութեան տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով: Անդրադառնալով պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն` Պըրրի մտավախութիւն յայտնեց այդ գաղթակայանները դէպի սադրանք մղելու յստակ դաւադրութեան մը գոյութենէն:

Պըրրի դրուատեց Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերսկսումը` նշելով, որ անիկա առիթ կ՛ընծայէ Լիբանանին` շրջանցելու իրեն սպառնացող մնայուն վտանգը: Ան դիտել տուաւ, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը յարմար վայրը չէ` քննարկելու համար կառավարական կազմի փոփոխութիւնը:

«Ազգային երկխօսութեան նիստին էական պարտականութիւնն է քննարկել ազգային հարցերը, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը, որուն մէջ կ՛իյնան նաեւ քարիւղի եւ բնական կազի պեղման աշխատանքները, բայց եւ այնպէս այդ ռազմավարութիւնը չ՛ընդգրկեր Դիմադրութիւնը ապազինելու կարելիութեան քննարկումը», յայտնեց Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ արգիլուած է լիբանանեան բանակին կորովը տկարացնել, որովհետեւ բանակն է, որ մնայուն կերպով պաշտպանած է ե՛ւ լիբանանցիները ե՛ւ պաղեստինցիները, յատկապէս Իսրայէլէն:

ՆՇԵՆՔ, որ Պըրրի այսօր առաւօտեան խորհրդարանին մէջ պիտի նախագահէ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը կարեւոր օրինագիծեր:

Share this Article
CATEGORIES