Թրքական Մամուլին Մէջ Ազգամիջեան Եւ Կրօնական Ատելութիւն Սերմանող Յօդուածներու Առաջին Թիրախը Հայերն Են

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի պատրաստած եւ շաբաթասկիզբին հրապարակուած զեկուցումին մէջ կ՛ընդգծուի, որ վերջին ամիսներուն թրքական մամուլին մէջ կը նշուի, որ վերջերս թրքական մամուլին մէջ կտրուկ կերպով աճած է ազգամիջեան եւ կրօնական ատելութիւն, անհանդուրժողականութիւն սերմանող հրապարակումներու թիւը:

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հիմնադրամի մասնագէտները քննած են թրքական 17 օրաթերթերու մէջ տեղ գտած հրապարակումները: «Եթէ 2011-ի յունուարէն ապրիլ երկարող ժամանակաշրջանին թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ ատելութիւն սերմանող 38 յօդուած տպագրուած էր, ապա 2012-ի նոյն ժամանակաշրջանին այդ հրապարակումներուն թիւը հասաւ 115-ի», կ՛արձանագրեն «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի մասնագէտները:

Ինչ կը վերաբերի թրքական մամուլի յարձակումներու հասցէատէրերուն, ապա ընդհանուր առմամբ 17 տարբեր խումբեր կը յայտնուին թերթերու վիրաւորական հրապարակումներու թիրախի գլխաւոր հերոսի դերին մէջ, սակայն միանձնեայ յառաջատարը հայերն են: «Այս տարուան առաջին 4 ամիսներուն ազգամիջեան ատելութեան տարրեր պարունակող ամէնէն շատ հրապարակումները հայերուն նուիրուած եղած են, անոնց կը հետեւին քրիստոնեաները ընդհանրապէս, ապա` հրեաներն ու յոյները», կը նշեն զեկուցումի հեղինակները` նկատելով նաեւ, որ այս իւրայատուկ սեւ ցուցակին 5-րդ դիրքին վրայ յայտնուած են ֆրանսացիները, ինչ որ դարձեալ կապուած է հայկական խնդիրներուն, որովհետեւ քննուած ժամանակաշրջանը կը զուգադիպէր ֆրանսական ծերակոյտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին շուրջ բուռն քննարկումներուն:

Ուշագրաւ է, որ թրքական պետութեան դէմ զինեալ պայքար ծաւալած քիւրտերը, ըստ զեկուցումի հեղինակներուն, թրքական մամուլին մէջ աւելի քիչ վիրաւորանքի կ՛արժանանան, քան, ըսենք, հայերը եւ յոյները: Քիւրտերը «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին հրապարակած ցուցակին մէջ կը գրաւեն 7-րդ դիրքը:

Հիմնադրամի մասնագէտներուն համոզումով` մամուլին մէջ պարբերաբար տեղ գտնող այս հրապարակումները ուղղակի ազդեցութիւն կ՛ունենան փոքրամասնութիւններու ամէնօրեայ կեանքին վրայ: «Խտրականութեան եւ այլատեացութեան տարրեր պարունակող սադրիչ արտայայտութիւնները կը յայտնուին թրքական թերթերու առաջին էջերուն եւ վերնագիրներուն մէջ` դառնալով այն գործիքը, որ կը խորացնէ հանրութեան շրջանակին մէջ գոյութիւն ունեցող կարծրատիպերը: Նման հրապարակումները, ի վերջոյ, կը սաստկացնեն  հանրութեան մէջ թշնամանքն ու խտրականութիւնը», կը նշեն հիմնադրամի ներկայացուցիչները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES