Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ազրպէյճանի Յարձակումը Դատապարտելու Նոր Քայլի Կը Ձեռնարկէ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Ազրպէյճանի հակահայկական յարձակումը դատապարտելու նոր քայլի ձեռնարկած է: Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ ե-նամակներ յղելու ծերակուտականներուն եւ քոնկրեսականներուն:

Հայ դատի գրասենեակը կը ներկայացնէ ե-նամակի գրութիւնը, որուն մէջ ներկայացուած են յարձակումին մանրամասնութիւնները. «Երկուշաբթի, 4 յունիսի առաւօտեան, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Կովկաս այցելութենէն քանի մը ժամ առաջ, Ազրպէյճան լկտի յարձակումի ձեռնարկեց Հայաստանի Տաւուշի մարզին դէմ` սպաննելով երեք հայ զինուոր` հրահրելով կարողական շրջանային պատերազմ, որ կրնար ներառել նաեւ ՕԹԱՆ-ը եւ ետ մղել խաղաղ, բանակցային լուծումը: Յաջորդ երկու օրերուն ընթացքին եւս քանի մը յարձակումներ պատճառ դարձան եւս վեց մահուան` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ»:

Նամակի երկրորդ մասին մէջ կը նշուի դատապարտման կոչը. «Ժամանակն է, որ Ամերիկան եւ միջազգային ընտանիքի մնացեալ հատուածը սաստեն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, երբ ան բացէ ի բաց կը սպառնայ պատերազմի վերսկսիլ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ»:

«Մեզի համար թոյլտուութեան եւ վերսկսուելիք պատերազմի վտանգներուն գինը չափազանց բարձր է, թէ՛ Ալիեւի սպառնալիքները մոռնալու, թէ՛ արհամարհելու այն վտանգը, որ ան կը ներկայացնէ շրջանին մէջ եւ ատոր սահմաններէն դուրս», կ՛ընդգծէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES