Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հաւանութեան Արժանացուց Մոռնինկսթարի Թեկնածութիւնը

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 19 յունիսին տեղի ունեցած քննարկումներու ընթացքին հաւանութեան արժանացուցած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին Ռիչըրտ Մոռնինկսթարի թեկնածութիւնը: Հարաւային Կովկասի իրավիճակին  եւ շրջանային առաջնահերթութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցումներ ուղղելէ ետք, Մոռնինկսթարի թեկնածութեան զօրակցած են նաեւ հայամէտ ծերակուտականներ Պարպարա Պոքսըրն ու Ռոպըրթ Մենենտեսը:

Պատասխանելով Պոքսըրի եւ Մենենտեսի հարցումներուն` Մոռնինկսթար հաստատած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն ուղղած կոչը` «զսպուածութիւն դրսեւորել, կատարել 1994-ին կողմերուն միջեւ ստորագրուած զինադադարի մասին համաձայնագիրի պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ձեռնարկել խաղաղութեան ուղղուած անհրաժեշտ քայլերու»: Ան վստահեցուցած է, որ դեսպանի պաշտօնին վրայ նշանակման պարագային միացեալ ջանքեր պիտի գործադրէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէի հետ` ուղղուած խնդիրի լուծման:

Ան անգամ մը եւս խոստացած է, որ կարելին պիտի ընէ Ջուղայի հայկական գերեզման այցելելու համար:

Նշենք, որ այժմ իր լիագումար նիստի ընթացքին Մոռնինկսթարի թեկնածութեան պէտք է հաւանութիւն տայ ծերակոյտը:

 

Share this Article
CATEGORIES