Տրոկպա Միացաւ Շանկհայ Սհենհուա Խումբին
Փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Տիտիէ Տրոկպա երէկ միացաւ Չինաստանի «Սուփըր լիկ»-ի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Շանկհայ Սհենհուա խումբին (Չինաստան):
34 տարեկան Տրոկպա, որ չուզեց իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Չելսիի հետ, ստորագրեց երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը:
Շանկհայի հետ ան իրեն խմբակից պիտի ունենայ Չելսիի իր նախկին խաղընկերը` Նիքոլա Անելքան, իսկ իրեն մարզիչ` Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Սերճիօ Պաթիսթան:
CATEGORIES Մարզական


