Անտրիյ Վորոնին Եւ Շեվչենքօ Լքեցին Ֆութպոլիստի Իրենց Միջազգային Ասպարէզը
Հետեւելով Անտրիյ Շեվչենքովի օրինակին` իր կարգին, Ուքրանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Անտրիյ Վորոնին լքեց ֆութպոլիստի իր միջազգային ասպարէզը:
Նշենք, որ Շեվչենքօ 35 տարեկան է, մինչ Վորոնին` 33:
Թէեւ բացառիկ յատկութիւններ ունեցող փորձառու ֆութպոլիստ Շեվչենքօ ըսաւ, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը, սակայն ան մրցում մը եւս ունի կատարելիք, երբ մօտիկ ապագային յայտարարուելիք այդ մրցումին հրաժեշտ պիտի տայ իր համակիրներուն:
CATEGORIES Մարզական



