Էն. Պի. Էյ. Հիթ – Օքլահոմա` 3-1
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ ճակատումին, Մայեմի Հիթ 104-98 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք, այժմ 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Օքլահոմա Սիթին: Այժմ անիկա միայն յաղթանակի մը կարիքը ունի` տիտղոսին տիրանալու համար. բան մը, որմէ զրկուած էր նախորդ տարի, երբ հասնելով աւարտական հանգրուան, պարտուած էր Տալաս Մավըրիքսէն:
Երէկուան մրցումին Հիթի մարզիկ Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 26 կէտ, մինչ պարտուած խումբին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք` 43 կէտ:
Անոնց միջեւ հինգերորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` Մայեմիի մէջ:
CATEGORIES Մարզական

