Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Սանթրալի Մարզիկները Արձանագրեցին Բաւական Տպաւորիչ Արդիւնքներ` Պրեշիայի Մէջ

Երէկ, Պրեշիայէն (Իտալիա) Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Սանթրալ (Ժունիէ) ակումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Ուու շու- քոնկ ֆուի Եւրոպայի ախոյեանութեան:

Լիբանանցի մարզիկները, որոնք արձանագրեցին բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ, տիրացան տասը ոսկի, հինգ արծաթ եւ պրոնզ մետալի` տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մրցումներուն:

Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 երկիրներէ աւելի քան 400 մարզիկներ:

Նշենք, որ Պրեշիա մեկնած պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի Քոնկ ֆու- ուու շուի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար եւ Սանթրալ ակումբի մարզիչ Պասսամ Նոհրա:

 

Share this Article
CATEGORIES