Ճատրակ. Սերկէյ Մովսիսեան Տիրացաւ Չեխիոյ Մրցաշարքի Տիտղոսին
Armchess.am ճատրակի լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականին մաս կազմող կրանտմասթըր Սերկէյ Մովսիսեան տիրացաւ Հուսթոփեչէի մէջ (Չեխիա) տեղի ունեցած արագ ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8 կէտ, ինչ որ կը նկատուի բացառիկ արդիւնք մը` նկատի ունենալով, որ անոր կողքին ներկայ էին 18 կրանտմասթըրներ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ընդամէնը 148 ճատրակ խաղացողներ, կ՛եզրափակէ armchess.am:
CATEGORIES Մարզական


