Փինկ Փոնկ. Ամառնային Բաժակի Մրցաշարք` 4-7 Յուլիսին

Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, 4-7 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ փինկ փոնկի Ամառնային բաժակի մրցաշարքը` Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ):

Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց փոքրերու, կրտսերներու, միջակներու եւ տարբեր դասակարգերու մրցումներ:

Իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ֆետերասիոնը կը նշէ, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երկուշաբթի, 2 յուլիս, կէսօրուան ժամը 12:00-ը:

Մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 4 յուլիսին, Մոն լա Սալի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES