Եուրօ-2012. Այսօր` Չեխիա – Փորթուգալ Քառորդ Աւարտականի Ճակատումը

Չեխիոյ եւ…

Օրուան մը հանգիստ-դադարէ ետք, այսօր` հինգշաբթի, 21 յունիսին կը շարունակուի Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենայ քառորդ աւարտականի առաջին մրցումը` Չեխիոյ եւ Փորթուգալի միջեւ: Մրցումը մնացեալ բոլոր մրցումներուն նման պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Չեխիա, որ գրաւեց Ա. խմբակին առաջին դիրքը, պիտի ճակատի Բ. խմբակին երկրորդ դիրքը գրաւող Փորթուգալի դէմ:

Երկու կազմերն ալ իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն յաղթանակ արձանագրելու համար, որովհետեւ այսուհետեւ մրցաշարքը պիտի շարունակուի նաք-աութի դրութեամբ, ուր անպայման յաղթող մը պիտի ըլլայ երկարաձգումէն եւ կամ փենալթիներէն ետք:

… Փորթուգալի կազմերը իրենց վերջին փորձերուն ընթացքին

 

Share this Article
CATEGORIES