50 Տարի Առաջ ( 22 Յունիս 1962 )
Իրանահայ Երիտասարդ Մը Ամերիկեան Քոնկրեսի
Գնահատանքին Կ՛արժանանայ
Իմիկ Աւագեան` Միջազգային Համբաւի
Տէր Անդամալոյծ Գիւտարարը
Իրանահայ դժբախտ երիտասարդի մը յուզիչ պատմութիւնը ներկայացուեցաւ ամերիկեան Քոնկրեսին: Երիտասարդին տաղանդը գնահատուեցաւ անցեալ ամիս եւ անոր մատուցած ծառայութիւնները անցան Քոնկրեսի արձանագրութեանց մէջ:
Նիւ Եորքի ծերակուտական Ճէյքըպ Ճեւիթ երեքշաբթիի Քոնկրեսի նիստին կարդաց կենսագրական գիծերը Իմիկ Աւագեանին, որ միանգամայն վկայութիւն մըն է Աւագեանի անսահման ուժին, որովհետեւ Աւագեան, ըլլալով անդամալոյծ մը, իր ճարտարութեան եւ ուշիմութեան շնորհիւ, այսօր ելեկտրոնական յայտնի ճարտարագէտ մըն է: Իր մասին Քոնկրեսին առջեւ կարդացուած տեղեկութիւնները նախապէս ամերիկեան հեռատեսիլներու ցանցին նիւթ ընծայեցին եւ այս մասին հեռատեսիլի յայտնի մեկնաբան Տէյվիտ Պրինկլէյ դրուատական տողեր նուիրեց:
Աւագեան Ամերիկա եկաւ 27 տարի առաջ, 11 տարեկան անօգնական տղայ մը: Ան Իրանէն եկաւ Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ ճամբով, ուղեղային անդամալուծութեան հիւանդութեան համար օգնութիւն մը ստանալու նպատակով:
Ֆիզիքական անշարժութիւնը Աւագեանը անկողին գամած էր: Բայց ան բուժուելով զբաղած միջոցին ցոյց տուաւ զօրաւոր հակումներ ելեկտրոնային գիտութեանց հանդէպ, իսկական տաղանդ մը:
Հետզհետէ սկսած էր «պատիլ» անուակառքին մէջ: Առաջին անգամ հնարեց գրամեքենայ մը, որ կը գործէր իր շունչով:
Աւագեան այսօր միջազգային իմաստով գիւտարար մըն է եւ միանգամայն` հաղորդակցութեանց մասնագէտ մը: 1961 տարուան նախագահ Քենետիի «Անդամալոյծ ամերիկացի»-ին կրթաթոշակը եւ նուէրը տրուեցաւ Աւագեանին:
Այս առթիւ ծերակուտական Ճեւիթ ըսաւ. «Յանձնաժողովը Աւագեանէն աւելի լաւ ընտրութիւն մը չէր կրնար ընել»:
Հայկազեան Քոլեճի Նոր Հրթիռը
Պիտի Արձակուի Յունիս 25-Ին
Հայկազեան քոլեճի հրթիռային յանձնախումբը, ղեկավարութեամբ փրոֆ. Մանուկ Մանուկեանի, երկուշաբթի, յունիս 25-ին պիտի արձակէ «Մայրի Բ.» հրթիռը, Տըպպայայի ծովափէն: Արձակումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 11:00-13:00-ի միջեւ:
Այս հրթիռը նման է անոր, որ մայիս 25-ին արձակուեցաւ եւ հասաւ 11,500 մեթր բարձրութեան:
Այս առթիւ Հայկազեանի հրթիռային յանձնախումբը իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ ամէն անոնց, որոնք կարելի դարձուցին «Մայրի Բ.» հրթիռի պատրաստութիւնը.- լիբանանեան բանակը, մեքենագիտական միութիւնը, նաեւ՝ Հրայր Սարոյեանին եւ Փանոսեանին եւ շատ ուրիշներու, որոնք օգնեցին հրթիռի յանձնախումբին:
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի
19-րդ Պատգամաւորական Ժողովը
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 19-րդ Պատգամաւորական ժողովը, որուն բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 16 յունիս, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ժողովրդային տան մէջ, իր աշխատանքները աւարտեց երէկ` կիրակի, ընտրութեամբը նոր Շրջանային վարչութեան:
Երկու օր ամբողջ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 17 մասնաճիւղերը ներկայացնող պատգամաւորուհիներ, լսելէ ետք Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց տեղեկագրերը` իրենց երկամեայ գործունէութեան շուրջ, խաչուհիներու յատուկ ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ տեսակէտի փոխանակումներ ունեցան յառաջիկայ երկու տարիներու իրենց գործունէութեան մասին` նախապէս գնահատանքի բանաձեւ մը հանելով Շրջանային վարչութեան գործունէութեան մասին:
Արդարեւ, Շրջանային վարչութեան տեղեկագրէն ի յայտ եկաւ, որ անցեալ երկու տարիներու ընթացքին Օգնութեան խաչի կազմակերպութիւնը մեծ նուաճումներ կատարած է իր գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ մօտ 150 հազար լիբանանեան ոսկիի նիւթական գործառնութիւն մը ունենալով: Բացի այդ, խաչուհիներուն ընդհանուր թիւը բարձրացած է 3000-ի:
Կիրակի կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան ընտրութիւնը:
Տիկիններ` Լոլա Սասունի, Վերժին Տէր Կարապետեան, Վերժին Ֆեթթելեան, Արաքսի Արծրունի, Ազատուհի Ռաֆայէլեան, Վերժին Խաթանասեան, Տալիտա Գրուշեան, Արշալոյս Հայկականեան եւ օրդ. Օլիվիա Պալեան:
Յաջողութիւն կը մաղթենք նորընտիր վարչութեան:

