Արուեստի Աշխարհէն . Վարձու Են. Յունական Հնագիտական Վայրեր
ՃԱՐԱՀԱՏ ՅՈՅՆԵՐԸ ՎԱՃԱՌՔԻ ԿԸ ՀԱՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ԴԱՐԱՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ: «ԱՍՈՇԻԷՅԹԸՏ ՓՐԵՍ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ՏԱԳՆԱՊԸ:
Բազմաթիւ յոյներ եւ հնադարեան ժամանակներու մասնագէտներ ափ ի բերան մնացին, երբ Յունաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ պարտքերու մէջ խեղդուած երկրին ամէնէն աւելի փայփայուած հնագիտական կարգ մը վայրերը այսուհետեւ կը գտնուին ծանուցումի ընկերութիւններու եւ այլ գործառնութիւններու տրամադրութեան տակ:
Նախարարութիւնը կը բացատրէ, թէ այս քայլը գործնապաշտ մօտեցում մըն է, եւ թէ` երկրին յունական հնագիտական աւերակները մատչելի դարձնելով, կարելի է բաւարար դրամ գոյացնել` հոգալու համար անոնց պահպանութեան եւ պաշտպանութեան ծախսերը:
Առաջին վայրը, որ բաց հռչակուած է, Աքրոփոլիսն է:

Զբօսաշրջիկներ կը քալեն Ն. Ք. 5-րդ դարու աւերակներու քովէն. Պոսիտոնի տաճարը` Սարոնիքի ծոցին խորապատկերին վրայ, Աթէնքի հարաւը:
Այսուհանդերձ, հնագէտներ տասնամեակներէ ի վեր բուռն կերպով ընդդիմացած են նման նախաձեռնութեան մը` զայն որակելով սրբապղծութիւն:
Սակայն Յունաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը կը շեշտէ, թէ յունական հնագիտական որեւէ վայր վարձելու իր պայմանները շատ խիստ են:
Դեկտեմբերի վերջերուն Յունաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ հրապարակուած զեկոյցի մը համաձայն, առեւտրական հաստատութիւն մը կրնայ Աքրոփոլիսը արհեստավարժ լուսանկարչութեան համար վարձել օրական միայն 1600 եւրոյի (շուրջ 2000 տոլար): Նոյնիսկ ցուցարարներ իրաւունք ունին վարձելու հնագիտական վայրը:
Յունաստան կարիքը ունի իւրաքանչիւր եւրոյի, զոր կրնայ ստանալ: Հանրային գանձատուները դատարկուած են, եւ ժողովուրդը խրած է պատմականօրէն աննախընթաց պարտքերու տակ:
Եւրոպական Միութիւնն ու Միջազգային դրամական ֆոնտը 2010-ի մայիսին փրկագին մը սահմանեցին Յունաստանի համար, որ այնուհետեւ տագնապալի բանակցութիւններ կը վարէ պակսեցնելու համար իր ահագնացող պարտքերը:
Ցարդ Յունաստանի հնագիտական վայրերուն առեւտրական օգտագործումին պատասխանատուն Հնագիտութեան կեդրոնական խորհուրդն էր, որ շատ կը դժուարացնէր անոնց հասողութիւնը:
Վերջին տասնամեակներուն միայն քանի մը ընտրեալներ, ինչպէս` յոյն-քանատացի ժապաւէնի բեմադրիչ Նիա Վարտալոս եւ ամերիկացի բեմադրիչ Ֆրանսիս Ֆորտ Քոփփոլա արտօնութիւն ստացած են օգտագործելու Աքրոփոլիսը, իսկ զայն նկարահանելու եւ ծանուցումի համար օգտագործելու մնացեալ գրեթէ բոլոր դիմումները մերժուած են:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ


