Արուեստի Աշխարհէն . Քարաւաճիոյի Վերանորոգուած «Ղազարոս»-ը` Հռոմի Մէջ

Քարավաճիոյի «Ղազարոսը»` վերանորոգութենէն առաջ եւ ետք:

ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՎԱՐՊԵՏԻՆ Ի ԳՈՐԾ ԴՐԱԾ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ, ՄԻՆՉ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՆ «ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱԾ» ԱՆՈՐ ՄԷԿ ԳՈՐԾԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԳՐԷ.

«Ղազարոսի յարութիւնը» վերնագիրով գեղանկարը կը պատկերէ Ս. Յովհաննու աւետարանին մէջ այն պատմութիւնը, որուն համաձայն Յիսուս մեռելներէն կը բարձրացնէ Ղազարոսը:

Քարաւաճիոյի այս գեղանկարը սկսած է ցուցադրուիլ Հռոմի մէջ, եօթը ամսուան վերանորոգութեան աշխատանքներէ ետք:

Գեղանկարիչը հաւանաբար զայն գծած է 1609-ին, 38 տարեկանին, իր մահէն մէկ տարի առաջ:

Գեղանկարը, որ ծանօթ է նաեւ «Ղազարոսի բարձրացումը» անունով, դարեր շարունակ պահուած է Սիկիլիոյ Քրոչիֆերի միաբանութեան եկեղեցիին մէջ, ապա փոխադրուած է քաղաքին թանգարանը:

Վերջին 60 տարիներուն առաջին վերանորոգութիւնն է, որ կը կատարուի գեղանկարին վրայ: Անիկա Հռոմի մէջ պիտի ցուցադրուի մինչեւ 15 յուլիս:

Գեղանկարը կը պատկերէ այն պահը, երբ Քրիստոս մատնացոյց կ՛ընէ մեռած Ղազարոսը` զայն դամբարանէն դուրս բերած անձերուն թեւերուն մէջ, եւ կեանքի կը կոչէ իր բարեկամը:

Գեղանկարին խորապատկերը գրեթէ մութ է: Արուեստի պատմաբաններու համաձայն, հաւանաբար որովհետեւ Քարաւաճիօ շտապած է աւարտել զայն եւ ճիշդ ժամանակին կատարել իրեն տրուած պատուէրը:

«Իր կեանքին ընթացքին Քարաւաճիօ պարտաւորուած էր շատ արագ աւարտել իր գեղանկարները, հետեւաբար բիւրեղացուցած էր իր թեքնիքները` այս նպատակին հասնելու համար», կ՛ըսէ գեղանկարը վերանորոգած մասնագէտը` Մարիա Մարչոնէ:

«Ան կ՛օգտագործէր տեղական նիւթեր եւ կը գծէր մութ խորապատկերներ` շատ արագ ստեղծելու համար իր կերպարները», կը բացատրէ ան:

Գեղանկարը իրագործուած է պաստառի 6 կտորներու վրայ. 5-ը` ուղղահայեաց եւ մէկը` հորիզոնական, ապա անոնք կարուած են` կազմելու համար ապսպրուած չափը:

Մարչոնէի համաձայն, վերանորոգութեան ամէնէն դժուար մասը 1670-ին գեղանկարին վրայ կատարուած առաջին վերանորոգութեան պատճառած աւերը սրբագրելն էր:

Գեղանկարը վերապրած էր 1908-ին Մեսսինան հարուածած երկրաշարժէն եւ անվնաս մնացած էր: Երկրաշարժը խլած էր շուրջ 200 հազար հոգիի կեանքը եւ աւերած էր հազարաւոր բնակարաններ` Սիկիլիոյ եւ Քալապրիոյ մէջ:

«Ղազարոսի յարութիւնը» կը ցուցադրուի Հռոմի Փալացօ Պրասքիի մէջ` Փիացա Նաւոնայի դիմաց եւ Սիկիլիա պիտի վերադառնայ յուլիսի կէսերուն:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES