Արուեստի Աշխարհէն. Եութիւպէն` Լոնտոնի Ռոյըլ Ալպըրթ Հոլ

ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ՓԱՍՏՈՒԻ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻՆ ՀԶՕՐ ՈՒԺԸ` ԻԲՐԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՄԸ ԵՒ ԼՍԵԼԻ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑ ՄԸ: ԿԻՆ ՄԸ, ՈՐ ԶԱՆԳՈՒԱԾՆԵՐԸ ՀՄԱՅԱԾ ԷՐ ԵՈՒԹԻՒՊԻ ՎՐԱՅ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼՈՎ ԴԱՇՆԱԿԻ ԻՐ ՆՈՒԱԳԸ, ԱՅԺՄ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԿԵՐՊՈՎ ԵԼՈՅԹ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԱՒՈՐ ՍՐԱՀՆԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒՆ ՄԷՋ: Ա. ԷՖ. ՓԷ. ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս:

Դաշնակահար կին մը, որ իր ասպարէզին հիմը դրած էր ԵուԹիւպի վրայ հրապարակելով իր կատարումներուն տեսերիզները, համացանցի վրայ արձանագրած իր յաջողութիւնը փոխադրած է իրական կեանքի մէջ` մենահամերգ մը տալով աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր համերգասրահներէն մէկուն մէջ:

Ծագումով ուքրանացի Վալենթինա Լիսիցա քանի մը օր առաջ հմայեց Լոնտոնի «Ռոյըլ Ալպըրթ Հոլ»-ին մէջ հաւաքուած հազարաւոր հանդիսատեսներէ բաղկացած բազմութիւնը, մինչ իր մատները կը թռչկոտէին շուրջ 2.5 ժամ տեւողութեամբ տաղանդաւոր կատարումներով:

Շիկահեր 42 տարեկան այս կինը, որ ծանօթ է իբրեւ դասական երաժշտութեան աշխարհին Ճասթին Պիպըրը, որովհետեւ հռչակի տիրացած է նոյն ձեւով, «Ռոյըլ Ալպըրթ Հոլ»-ի իր համերգը ծանուցած էր ԵուԹիւպի իր էջով եւ կայքէջով, առիթ տալով, որ աշխարհի տարածքին իր երկրպագուները ընտրէին իր յայտագիրին կտորները:

Յայտագիրին վերջնական ցանկին մաս կը կազմէին երկու ստեղծագործութիւններ, որոնք ԵուԹիւպի վրայ Լիսիցայի հրապարակած եւ ամէնէն աւելի դիտուած ու սիրուած կտորներն էին. անոնցմէ մէկը Պեթհովենի «Մունլայթ» հատանուագն էր, իսկ միւսը` Ռախմանինովի մէկ յօրինումը, որ ժողովրդային մակարդակի վրայ ծանօթ է իբրեւ «Կարմիր գլխարկիկը»:

Լիսիցա ոչ միայն իր նուագով կախարդած է զինք լսող բազմութիւնը, այլ նաեւ մեծ մասամբ բրիտանացիներէ բաղկացած եւ աւելի քան 2500 հոգի հաշուող հանդիսատեսներուն սիրտերը գրաւած է` յայտարարելով, թէ երեկոն իւրայատուկ էր ո՛չ թէ իր կատարումին պատճառով, այլ որովհետեւ կը զուգադիպէր Եւրոպայի 2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքին այն հանգրուանին, երբ Անգլիա կը խաղար Ուքրանիոյ դէմ:

Համերգը ամբողջութեամբ պիտի սփռուի ԵուԹիւպի վրայ, աւելի ուշ:

Լիսիցա դաշնակ նուագել սկսած է 3 տարեկանին, Քիեւի մէջ: Ան իր արուեստը սկսած է ծանուցել 5 տարի առաջ` տեսերիզներ հրապարակող համացանցի կայքին մէջ, ուր հրապարակած է «Կարմիր գլխարկիկ»-ի իր կատարումը:

Այնուհետեւ Լիսիցայի հրապարակած 180 տեսերիզները ներգրաւած են աւելի քան 43 միլիոն ակնդիրներ, իսկ դասական երաժշտութիւն ձայնագրող Տեքքա Քլասիքս վաճառանիշը, որ սեփականութիւնն է Եունիվըրսըլ ընկերութեան, պայմանագրութիւն մը կնքած է անոր հետ:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES