Արուեստի Աշխարհէն. Ընկերային Տագնապէն Ներշնչուած Արուեստի Ալիք Մը Կը Բարձրանայ Յունաստանի Փողոցներուն Մէջ

ՅՈՅՆԵՐԸ ԴՐԱՄ ՉՈՒՆԻՆ ՆՈՅՆԻՍԿ ՆԵՐԿ ՍՐՍԿՈՂ ՇԻՇԵՐ ԳՆԵԼՈՒ: ՍԱԿԱՅՆ ՉՔԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՒԱԾ ԹԱՂԱՄԱՍԵՐՈՒ ՊԱՏԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼՈԶՈՒՆԳՆԵՐ ԵՒ ՓՈՂՈՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՅԱՏՈՒԿ ԳՈՐԾԵՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԸ ՆԵՐՇՆՉՄԱՆ ԱՂԲԻՒՐ ԴԱՐՁԱԾ Է ՊԱՏԵՐԸ ԽԾԲԾԵԼՈՒ ԱՇԽՈՒԺ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԸ, ՈՐ Կ՛ԱՐԾԱՐԾԷ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՍՈՒՐ ՀԱՐՑԵՐ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՁԻՒՆԱԳՆԴԱԿԻ ՆՄԱՆ ԾԱՒԱԼՈՂ ԱՅՍ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:

 

Կազի դէմ պաշտպանող դիմակներու մահաշունչ գծանկարներ, տառապող յոյներու դիմանկարներ, Միջազգային դրամական ֆոնտին կամ Գերմանիոյ դէմ նախատինքներ այժմ ծեփուած են Աթէնքի փողոցներուն պատերուն վրայ` հրէշներու երեւակայական պատկերներու եւ աւազակախումբերու յատուկ պիտակներու կողքին:

«Իւրաքանչիւր պատկեր, որ կը գծեմ, հաստատում մը կը կատարէ», կ՛ըսէ այս նոր ալիքին մէջ ամէնէն աւելի ցայտուն կերպով ստեղծագործող արուեստագէտներէն մէկը: Ան կը նախընտրէ անանուն մնալ եւ ներկայանալ «Պլիփս» ծածկանունով, մինչ գիշերային իր շրջապտոյտը կը կատարէ այժմ թմրեցուցիչի վաճառականներու եւ մանր գողութիւններու թիրախ դարձած թաղամասերու մէջ:

Պլիփս իր վերջին գործերէն մէկը գծած է փողոցի մը անկիւնը, պատկերելով կնոջական կերպար մը` ձեռքին սեղմած եւրոներով լեցուն տոպրակ մը, որ կը խորհրդանշէ Յունաստանի միջազգային փրկագինը:

Նման գործերու աւելի լայն ազդեցութեան մասին խորհրդածելով` մէկը Պլիփսի գծած այս կերպարին վրայ սեւ մատիտով գրած է. «Կը պահես գոհարեղէնդ, սակայն կը խոնարհիս»:

Շուկաներու Սայրի թաղամասին մէջ պատի մը վրայ գծուած այլ նկար մը կը պատկերէ  անասունի գլուխով մարդ մը վանդակի մը մէջ, որ կը յիշեցնէ յունական խորհրդարանը:

«Ասիկա կը կոչուի «Զայրոյթ` սահմանադրական վանդակի մէջ», կը բացատրէ Պլիփս. 30-ական տարիքի մօրուքաւոր երիտասարդ մը, որ հրաժարած է ատամնաբուժի իր ասպարէզէն` ինքզինք նուիրելու համար պատերը խծբծելու արուեստին:

Անասունի գլուխով մարդուն կերպարը հագած է շապիկ մը, որուն վրայ դրոշմուած է անիշխանութեան նշանը, որովհետեւ` «իմ դիտանկիւնէս Յունաստան այս պահուս կը գտնուի անիշխանութեան եզրին», ինչպէս կը բացատրէ Պլիփս:

Նոյն շրջանին մէկ կառատան մէջ Պլիփս գծած է ցանկայարոյց լողազգեստով գեղեցիկ կին մը, որուն մէկ ոտքը անդամահատուած է: Անոր կողքին կը կարդանք հետեւեալ լոզունգը. «Յունաստան` տնտեսագիտութեան յաջորդ օրինակը»:

Պլիփսի մէկ այլ գործը կը պատկերէ յունական դասական արձան մը, որ բռնած է ցուցատախտակ մը` հետեւեալ գրութեամբ. «Ոչ ոքի քուէարկէ»: Այլ նկար մը, որ մթագնած է նոր նացիական խծբծումներով, կը պատկերէ կին մը, որուն բռնած ցուցատախտակը կ՛ըսէ. «Գիտութիւնը անզօրութիւն է»:

Վերջին տարիներուն փողոցի արուեստը ծաղկած է Սայրիի եւ Էքսարխիայի նման թաղամասերու մէջ, ուր կը բնակին մեծ թիւով ուսանողներ: Այս շրջաններուն մէջ էր, որ 2008-ին տեղի ունեցան ծանր բախումներ` 15 տարեկան պատանիի մը սպանութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ բողոքի ցոյցեր` ընկերային եւ քաղաքական հարցերու դէմ:

Այս թաղամասերուն մէջ բնակարանի մը մէկ պատը ծածկող մեծ նկար մը կը պատկերէ զայրացած ամբոխ մը` մարդամեքենաներու բանակի մը դիմաց, մինչ երկինքը ծածկող ամպերուն մէջէն վար կը դիտեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի գլուխները:

«Երկրին շունչը կտրելէ ետք այժմ կը պահանջեն մնացածը: Այսինքն` մահ», կ՛ըսէ այս նկարին կցուած լոզունգը:

«Պատերը խծբծելը իբրեւ արտայայտչաձեւ միշտ ալ ժողովրդականութիւն վայելած է Աթէնքի մէջ», կ՛ըսէ ազատ աշխատող լրագրող Քոսթաս Քալլարկիս, որ իր պլոկին մէջ (www. whenthecrisishitthefan.com) կը ցանկագրէ ամէնէն աւելի ուշագրաւ լոզունգներն ու փողոցի արուեստի նմուշները:

«Վերջին երկու տարիներուն այս արուեստը ծաղկած է այն պահուն, երբ ընկերային զայրոյթը մասամբ զանց առնուած է ընթացիկ լրատուամիջոցներու մէջ եւ փոխարէնը իր արտայայտութիւնը գտած է Աթէնքի պատերուն վրայ», կը բացատրէ ան:

Պլիփսի պարագան նոյնն է: Ան Յունաստան վերադարձած է 2008-ին, որոշ ժամանակ մը ապրելէ ետք Բրիտանիոյ մէջ եւ իր դիմաց տեսած է ահաւոր փոփոխութիւններու թոհուբոհին մատնուած երկիր մը:

«Ընկերային հարցերը աւելի սուր են, հետեւաբար շատ աւելի բաներ ունիմ ըսելիք», կը բացատրէ ան` ցոյց տալով իր մէկ այլ գործը` հանրային առողջապահութեան լքուած կառոյցի մը պատին վրայ, ուր կ՛երեւի անթացուպերով մարդ մը, որուն կողքին գրուած է. «Առողջութիւնը լաւ վիճակի մէջ չէ»:

Թէեւ ակադեմականներ եւ լրատուամիջոցներ դրուատած են իր գործերը, սակայն Պլիփս գոհ չէ, որովհետեւ երբեմն ինքզինք թերագնահատուած կը զգայ սովորական յոյներու կողմէ:

«Ճշմարտութիւնը այն է, որ երբեմն մարդիկ չեն փափաքիր ականատես դառնալ բանի մը կամ լսել բան մը», կ՛ըսէ ան:

Աթէնքի քովնտի թաղերէն մէկուն խորերը, շէնքի մը նկուղին մէջ թաքնուած է գունաւոր ներկ սրսկող շիշերու եւ սքէյթպորտերու «Ռիվոլթ» վաճառատունը: Անոր սեփականատէրը` Միքոս Այվալիս կ՛ըսէ, թէ ընկերային նիւթեր արծարծող փողոցի արուեստը միայն մէկ փոքր մասն է այն շարժումին, որ սկիզբ առած է տասնամեակ մը առաջ:

«Կարգ մը գրագէտներ իրենց քաղաքական եւ ընկերային պատգամները կը փոխանցեն պատերը խծբծելու արուեստով, սակայն անոնք մեծամասնութիւն չեն կազմեր իբրեւ ամբողջութիւն», կը բացատրէ ան:

Այսուհանդերձ, տնտեսական տագնապը մեծ ազդեցութիւն գործած է պատերը խծբծելու յատուկ իրերու վաճառքին վրայ: «Գրագէտներ դրամ չունին ներկ սրսկող շիշեր գնելու: Մեր գործը 35 առ հարիւր համեմատութեամբ տուժած է», կ՛ըսէ Այվալիս:

Պլիփսի նորագոյն գործը բարդ համադրում մըն է. սեղանի մը վրայ ծաղիկներով լեցուն ծաղկաման մը իր կապոյտ խորապատկերով կը յիշեցնէ յունական աւանդական տեսարան մը, որուն հետ կը միաձուլուի սեղանին կողքին կանգնած երիտասարդի մը պատկերը, որ հագած է ամերիկեան եւ բրիտանական դրօշակները կրող շապիկ մը:

Երիտասարդը բռնած է ցուցատախտակ մը, որուն վրայ դրոշմուած է գերմանական արծիւի խորհրդանշանը, ինչպէս նաեւ հռչակաւոր տող մը` նոպէլեան մրցանակակիր յոյն բանաստեղծ Ճորճ Սեֆերիսէն:

Անիկա կ՛ըսէ. «Մենք ապրեցանք մեր կեանքը. սխա՛լ մըն էր: Հետեւաբար փոխեցինք մեր կեանքը»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )