Մերօրեայ Մտորումներ. Բայց (Դ.)
ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ
Հօրս դժուարահաճութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ անոր կեանքի վերջին տարիներուն: Լաւագոյնին իր ձգտումը անճարակ վիճակի կը մատնէր մեզ: Մրցանակի արժանացա՞նք եւ իննսո՞ւն է մեր միջինը, ինչո՞ւ 95 չ՛ըլլար: Կը սարսափէինք, երբ մէկն ու մէկուս դասի պատրաստութեան ստուգումը կը կատարէր մեր մանկութեան շրջանին: Վար կ՛իջնէին տան բոլոր բառարանները` ճիշդ հնչումը գտնելու համար: Կանուխ անկողին մտնելը, իսկ աւելի ուշ` բառարան պահելը փրկութեան մեր միջոցներն էին:
Կատարեալի ձգտումէն աւելի` որակի պահանջն էր իր դժուարահաճութեան պատճառը: Ուրախութիւններէն մէկն էր դպրոցական ամավերջի հանդէսը: Յուզումնախառն տրամադրութեամբ երբ կը վերադառնար տուն, չէր կրնար պահել իր ուրախութիւնը: Այո, շատ գեղեցիկ էին նորօրեայ մեր հայ մանուկները: Որքան փայլուն էին անոնց աչքերը: Չէր ուշանար նշանաւոր իր «բայց»-ը: Խօսքիս մէջ արտասանած մէկ բառ կը քննարկէր եւ աւելի պարզ տարբերակը կը յիշեցնէր` հասկնալիին անհրաժեշտութիւնը շեշտելով:
Ճաշերուն հանդէպ իր դժուարահաճութիւնը հասկնալի էր: Երբեք չէինք յաջողեր մօրս պատրաստած ճաշերուն ճիշդ համեմը տալ: Հիմնական դժուարահաճութիւնը լեզուականն էր: Հրապարակային ձեռնարկներէ կը զգուշանար, որովհետեւ կը խորշէր բառակոյտերու հեղեղէն: Աւելի ուշ` առօրեայ թերթերն ալ սկսան չհետաքրքրել զինք: Կրկին ու կրկին կը կարդար իր հին գիրքերը, թերթերու հին բացառիկները, որոնց հայերէնը «մարդու» կը նմանէին: Զինք ուրախացնելու միջոց էր պարբերաբար ծանօթ գրավաճառէ մը հնատիպ հրատարակութիւններու ապահովումը: Է՜հ, խելքը գլուխը հայերէնով գրուած էին այդ գիրքերը: Թոռնիկներուն կու տար, որ վայելեն, համը առնեն աղուոր հայերէնին:
Այս ընթացիկ պատմութիւնն է մեզ կանխող սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնք համալսարանաւարտներ չէին, բայց բառը իրենց համար «աշխարհ» էր, սրբութիւն էր, «բայց»-ը իրենց շրթներուն զգաստութեան կոչ էր:
«Սարսափելիօրէն այժմէական» լսեցին ականջներս Հայաստանի հեռատեսիլի հաղորդումէ մը: Արդեօք փնտռուածը հակադրութի՞ւն, ինքնատպութի՞ւն, զարմա՞նք էր: Չհասկցայ ու հօրս հնատիպ գիրքերուն կողմ դառնալով` կարօտով յիշեցի նշանաւոր իր «բայց»-ը:

